Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ՊԲ Նախկին Հրամանատար Ջալալ Յարութիւնեան Մեղաւոր Ճանչցուած Է

ՊԲ Նախկին Հրամանատար Ջալալ Յարութիւնեան Մեղաւոր Ճանչցուած Է

by MassisPost

Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Ջալալ Յարութիւնեան մեղաւոր ճանչցուած է:

Լրատուամիջոցներու հետ զրոյցին այս մասին ըսած է փաստաբան Արսէն Սարդարեանը։

Անոր մեղադրանք առաջադրուած էր ՀՀ Քրէական Օրէնսգիրքի 550-րդ 3-րդ մասով:

Յիշեցնենք՝ 2022 թուականի Սեպտեմբեր 2-ին Քննչական Կոմիտէն յայտարարած էր Ջալալ Յարութիւնեանին մեղադրանք առաջադրելու մասին:

Ըստ ՔԿ հաղորդագրութեան՝ Ջալալ Յարութիւնեանը 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին՝ յայտարարուած ռազմական դրութեան պայմաններուն մէջ, անփոյթ վերաբերմունք դրսեւորած է իր ծառայողական պարտականութիւններուն նկատմամբ՝ չկատարելով եւ ոչ-պատշաճ կատարելով զանոնք, որուն հետեւանքով յառաջացած են ծանր հետեւանքներ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment