Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան յոյսով է, որ Երեւանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ստորագրուած ռազմավարական գործընկերութեան կանոնադրութիւնը պիտի ծառայէ որպէս երկու երկիրներուն միջեւ խորացող յարաբերութիւններու վկայութիւն եւ ընդհանուր ձեռքբերումներով լի ապագայի ճանապարհային քարտէզ։
Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը այդ մասին գրառում ըրած է X-ի իր էջով։
Արտաքին գործերու նախարարը կարծիք յայտնած է, որ Երեւանի եւ Ուաշինկթընի յարաբերութիւնները նշանակալիօրէն հասունցած են, ուստի անոնք ռազմավարական գործընկերութեան վերածելը ինչպէս տեղին է, այնպէս ալ էական։
«Հայաստան-ԱՄՆ յարաբերութիւնները հասունացել են այն աստիճանի, որ դրանց վերափոխումը դէպի ռազմավարական գործընկերութիւն ոչ միայն տեղին է, այլեւ էական՝ բարդ աշխարհաքաղաքական իրավիճակում կողմնորոշուելու համար»,- նշած է Միրզոյեան:
ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը նաեւ յոյս յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու հետ Հայաստանի ստորագրած փաստաթուղթը կը ծառայէ որպէս յարաբերութիւններու ապագայ ճանապարհային քարտէզ։
«Թող Հայաստան-ԱՄՆ ռազմավարական գործընկերութեան կանոնադրութիւնը, որը ստորագրել ենք ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ, որպէս Հայաստանի ու ԱՄՆ-ի միջեւ խորացող յարաբերութիւնների վկայութիւն եւ ընդհանուր ձեռքբերումներով լի ապագայի ճանապարհային քարտէզ ծառայի»,- ընդգծած է արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան:
Հայաստանն ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները Յունուար 14-ին ստորագրեցին Հայաստան-ԱՄՆ ռազմավարական գործընկերութեան կանոնադրութիւնը: Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան ստորագրման արարողութեան ընթացքին նշած էր, որ Հայաստան-ԱՄՆ ռազմավարական գործընկերութեան կանոնադրութիւնը կը ձեւաւորէ ամուր հիմք եւ երկու երկիրներուն համագործակցութիւնը կը դարձնէ աւելի յաւակնոտ։ Այն կ’ընդգրկէ բազմաթիւ ոլորտներ, այդ շարքին՝ տնտեսական եւ ուժանիւթային կապերու ամրապնդում, հաղորդակցութիւններ, պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան համագործակցութեան խորացում, ժողովրդավարական հիմնարկներու ամրապնդում, արդարադատութեան եւ օրէնքի գերակայութեան խթանում, նորարարութիւններու եւ բարձր արհեստագիտութիւններու զարգացում, ինչպէս նաեւ մարդոց միջեւ շփումներու ընդլայնում: