Հակափտածութեան դատարանը վարոյթ ընդունած է Գլխաւոր դատախազութեան՝ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման վերաբերեալ հերթական հայցադիմումը:
Գլխաւոր դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւնը պահանջ ներկայացուցած է դատարանին՝ ՀՀ վարչական դատարանի դատաւոր Անի Յարութիւնեանէն եւ անոր փոխկապակցուած անձերէ յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագանձել՝
13 անշարժ գոյք՝ Երեւանի մէջ, 1 անշարժ գոյք Կոտայքի մէջ, 3 անշարժ գոյք՝ Վրաստանի մէջ.
1 անշարժ գոյքի ձեռքբերման արժէքը.
2 փոխադրամիջոց.
1 իրաւաբանական ընկերութեան մէջ մասնակցութիւնը.
2 չմարուած աւանդներու գումարները.
տրամադրուած փոխառութեան պահանջի իրաւունքը.
86 միլիոն 930 հազար դրամ՝ որպէս ապօրինի դրամական միջոցներու մնացորդ.
954 միլիոն 519 հազար դրամ՝ որպէս ապօրինի եկամուտի մնացորդի եւ օրինական եկամուտներով չհիմնաւորուող՝ բարեխիղճ երրորդ անձերու փոխանցուած դրամական միջոցներու հանրագումար: