Եւրոմիութիւնը մանրամասն պիտի ուսումնասիրէ Հայաստանի անդամակցութեան հնարաւոր դիմումը, յայտնած է դաշինքի ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոս՝ ելոյթ ունենալով Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական խորհրդարանի Արտաքին գործերու յանձնաժողովին մէջ։
«Մենք նաեւ կը լսենք, որ կան դրական շարժումներ ԵՄ անդամակցութեան յայտ ներկայացնելու ուղղութեամբ: Այդ ընտրութիւն է, եւ մենք պէտք է բոլոր դիմումները շատ-շատ մանրամասն ուսումնասիրենք եւ նոյնը պիտի ընենք Հայաստանի պարագային։ Սակայն այս ընտրութիւնը, եթէ Հայաստանը որոշէ դիմել, կապուած է պարտաւորութիւններու հետ։ Եւ ես վստահ եմ, ինչպէս նաեւ իմ ծրագրին մէջ է՝ տարուայ առաջին կէսին այցելել Հայաստան՝ տեսնելու, թէ ինչ պէտք է ընենք նախապէս կամ ինչի մասին անհրաժեշտ է տեղեկատուութիւն փոխանակել»,- ըսած է ան։
Անցեալ շաբաթ ՀՀ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ Հայաստանի՝ Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթացի մեկնարկի մասին օրէնքի նախագիծին՝ զայն ուղարկելով խորհրդարանի քննարկման։
«Այս օրէնքի ընդունումից յետոյ մենք Եւրամիութեան հետ պէտք է քննարկենք այն ճանապարհային քարտէզը, որն իրենք են պատկերացնում, եւ որը մենք ենք պատկերացնում, եւ մենք պէտք է իրար հետ ճանապարհային քարտէզ մշակենք։ Իմ ընկալմամբ՝ մինչեւ ճանապարհային քարտէզի ստեղծման շուրջ բանակցութիւնների մեկնարկը Հայաստանի Հանրապետութիւնը, գոնէ այս պահին, իմ ընկալմամբ, որեւէ այլ գործողութիւն չունի անելու։ Եւ սա ինչի եմ ասում՝ հանրութեան շրջանում ակնկալիքները ճիշտ ձեւակերպելու համար»,- կողմ արտայայտուելով նախագիծին՝ յայտնած էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։