Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյիի խօսքով՝ Ֆրանսայի աջակցութիւնը Հայաստանին առանց նախապայմաններու է, ամբողջական եւ հաստատուն։
Այս մասին դեսպանը ըսաւ Յունուար 13-ին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին։
Ան ընդգծեց, որ Ֆրանսա կ’աջակցի Հայաստանին։ «Հայաստանը կը ներկայացնէ իր կառավարութիւնը, եւ այն աջակցութիւնը, որ Ֆրանսա կը ցուցաբերէ Հայաստանին, շատ աւելի յստակ ներկայացուած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կողմէ։ Այն առանց նախապայմաններու է, ամբողջական է եւ հաստատուն»,- շեշտեց դեսպանը։
Ան խաղաղութիւն մաղթեց Հայաստանին՝ նշելով, որ բառերը բաւարար չեն խաղաղութեան հասնելու համար, ուստի ինք եւս մէկ անգամ կը վերահաստատէ Ֆրանսայի յանձնառութիւնը Հայաստանի խաղաղութեան։