Եւրոմիութեան Հայաստանի անդամակցութեան գործընթացի մեկնարկի մասին օրէնքի նախագիծին կառավարութեան դրական եզրակացութիւնը համահունչ է ԵՄ եւ անդամ պետութիւններու հետ փոխգործակցութեան խորացման աշխուժութեան եւ ՀՀ քաղաքացիներու եւրոպական ձգտումներուն, Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Մակտալենա Կրոնոյին ըսած է արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան։
Միրզոյեան եւ Կրոնօ խօսած են գործընկերութեան հետագայ ընդլայնման հեռանկարներուն շուրջ՝ հաշուի առնելով առկայ գործիքակազմի միջոցով ընձեռուող հնարաւորութիւնները: Ի թիւս այլ մեխանիզմներու, ընդգծուած է Հայաստանի մէջ ԵՄ քաղաքացիական առաքելութեան գործունէութեան կարեւորութիւնը:
Այսօր յայտնի դարձաւ, որ Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքական հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Կայա Գալաս առաջարկած է եւս երկու տարիով երկարաձգել Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան քաղաքացիական առաքելութեան տեղակայումը։ Թէ արդեօք Միրզոյեանն ու Կրոնօն անդրադարձա՞ծ են այս հարցին, չէ հաղորդուած։
Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարն ու ԵՄ պաշտօնեան, որ Երեւան ժամանած է Պաքուէն, քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգային իրավիճակին, եղած մարտահրաւէրներուն եւ անոնց արդիւնաւէտ յաղթահարման ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլերը:
Ատրպէյճանական վերջին օրերու սպառնալիքների եւ հնարաւոր ռազմական գործողութիւններու կանխատեսումներու լոյսին տակ՝ նախարար Միրզոյեան ընդգծած է, որ հարեւաններուն հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման տեսլականին համահունչ ՀՀ կառավարութիւնը ջանքեր կը գործադրէ փոխադարձ ընդունելի լուծումներու հասնելու եւ երկարատեւ կայունութիւն ապահովելու ուղղութեամբ:
ԵՄ յատուկ ներկայացուցչը ընդունած է նաեւ ԱԺ փոխնախագահ, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ հայկական կողմի բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեանը։ Անոնք անդրադարձած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման։