Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Stratfor Վերլուծական Կեդրոնի Կարծիքով, Թրամփի Վարչակազմին Համար Առաջնահերթ Են Պաքուի Հետ Սերտ Կապերը

Stratfor Վերլուծական Կեդրոնի Կարծիքով, Թրամփի Վարչակազմին Համար Առաջնահերթ Են Պաքուի Հետ Սերտ Կապերը

by MassisPost

«2025 թուականին Միացեալ Նահանգներէն լուրջ աջակցութիւն ստանալու Հայաստանի փորձերը անյաջողութեան պիտի մատնուին»,- կը պնդեն ամերիկեան Stratfor վերլուծական կեդրոնի փորձագէտները՝ նոր մեկնարկած տարուայ հիմնական աշխարհքաղաքաղական կանխատեսումներուն նուիրուած զեկոյցին մէջ։

«Թրամփի վարչակազմի համար առաջնահերթ են Պաքուի հետ սերտ կապերը՝ որպէս տեղական հակակշիռ Ռուսաստանի, Իրանի եւ Չինաստանի տարածաշրջանային ազդեցութեան»,- կը նշեն ամերիկացի վերլուծաբանները։

«Փոխարէնը Հայաստան հիմնական շեշտը պիտի դնէ Ֆրանսայէն ռազմասարքի ձեռքբերման վրայ, ինչպէս նաեւ պիտի փորձէ մեծցնել առեւտրաշրջանառութիւնը ԵՄ-ի հետ։ Արեւմուտքի հետ քաղաքական եւ պաշտպանական աճող կապերը Հայաստանը պիտի փորձէ օգտագործել Ատրպէյճանի՝ մագլցումի ուղղուած քայլերը զսպելու, Պաքուի աւելի կոշտ պահանջներուն՝ նախեւառաջ Հայաստանի հարաւային շրջաններով տարանցիկ ճանապարհ ստանալու պահանջին դիմադրելու համար»,- կը նշեն զեկոյցի հեղինակները։

Stratfor-ի փորձագէտներու համոզմամբ, 2025-ին Հարաւային Կովկասը պիտի շարունակէ աշխարհքաղաքական մրցակցութեան թատերաբեմ մնալ, իսկ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը «բանակցային գործընթացին մէջ իրենց դիրքերը ամրապնդելու համար պիտի շարունակեն արտաքին աջացկութիւն որոնել»։

«Հաւանական է, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը շարունակեն շարժիլ խաղաղ համաձայնագրի կնքման ուղղութեամբ, սակայն տարաձայնութիւնները, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններուն, ամբողջական սահմանազատման եւ տարանցիկ ուղիներու բացման մանրամասնութիւններուն ըստ ամենայնի կ’արգելափակեն 2025 թուականին խաղաղ համաձայնագրի կնքման հնարաւորութիւնները»,- կը նշեն ամերիկացի վերլուծաբանները։

Stratfor-ի փորձագէտները նաեւ համոզուած են, որ Ատրպէյճան այս տարի եւս պիտի շարունակէ իր ռազմական առաւելութիւնը օգտագործել որպէս լծակ բանակցային գործընթացին մէջ։

«Ատրպէյճանն ու Հայաստանը պիտի խուսափին Մոսկուային հակազդելէ՝ Ուքրանիոյ մէջ կրակի հնարաւոր դադրեցումն եւ Վրաստանի մէջ գործող ռուսամէտ կառավարութիւնը յառաջիկայ տարիներուն որպէս Հարաւային Կովկասի մէջ Մոսկուայի ազդեցութեան լծակներու աճ դիտարկելով»,- կը նշեն զեկոյցի հեղինակները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment