Ռուսաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ չէ բացառած, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ատրպէյճանի նախագահին կոշտ յայտարարութիւններէն յետոյ յիշէ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) երկրի անդամակցութեան մասին։
«Չեմ զարմանար, որ մօրուքը սափրած Փաշինեանը յիշէ, որ Հայաստանը ՀԱՊԿ անդամ է: Կամ այլ տարբերակ՝ Եւրոմիութեան հետ հայ առաջնորդներու նշանադրուելու մտադրութեան լոյսի ներքոյ կարելի է ուղղակիօրեն դիմել ԵՄ-ին, անոնք կը սիրեն դրախտի թեկնածուներուն օգնել փողով եւ զէնքով։ Եւրոմիութեան ուսերուն է ուքրանական հրաշալի փորձը»,- ըսած է ան «Ռիա Նովոսթի»-ին:
Յիշեցնենք. նախօրէին Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւը Հայաստանի դէմ ուղղուած կտրուկ եւ վիրաւորական յայտարարութիւններ ըրած էր տեղական լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցին։ Ան մեղադրած է երկիրը «տարածաշրջանային անվտանգութեան սպառնալիքներ ստեղծելու մէջ»՝ յայտարարելով, որ գրեթէ 30 տարի Հայաստանը կառավարած են իբր «ֆաշիզմի գաղափարախօսները», որոնք երկիրը ձեւաւորածեն «իրենց նման»։