Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Պատրաստ Է Աշխատելու Պաքուի Ու Երեւանի Հետ Կողմերուն Նախընտրած Որեւէ Ձեւաչափով՝ Համաձայնութեան Հասնելու Համար

ԱՄՆ Պատրաստ Է Աշխատելու Պաքուի Ու Երեւանի Հետ Կողմերուն Նախընտրած Որեւէ Ձեւաչափով՝ Համաձայնութեան Հասնելու Համար

by MassisPost

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը ընդգծած է, որ Ուաշինկթըն պատրաստ է աշխատելու Երեւանի ու Պաքուի հետ որեւէ ձեւաչափով, որ կրնայ կողմերուն համար յառաջընթաց ապահովել։

Ի պատասխան «Ամերիկայի Ձայնի» հայկական ծառայութեան հարցումին՝ ամերիկեան արտաքին քաղաքական գերատեսչութենէն, մասնաւորապէս, նշած են․ «Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կ’աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ջանքերուն՝ հասնելու կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համաձայնագրի, որ էական նշանակութիւն ունի անվտանգ եւ բարգաւաճ Հարաւային Կովկասի համար։ Մենք պատրաստ ենք աշխատելու երկու կողմերուն հետ որեւէ ձեւաչափով, ուր երկու կողմերը կրնան պայմանաւորուիլ, թէ ուր կրնան յառաջընթաց արձանագրել»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment