Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան Ամանորի Խօսքը

Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան Ամանորի Խօսքը

by MassisPost

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Ընկերներ եւ ընկերուհիներ,

Բոլորեցինք բախտորոշ տարի մը եւս իր դրական ու բացասական զարգացումներով։ Հայաստան ապրեցաւ համեմատաբար խաղաղ տարի մը՝ հակառակ ձգձգուող խաղաղութեան հեռանկարին եւ պատերազմի վերսկսման տեւական վտանգին։ Այնուամենայնիւ, երկրէն ներս շարունակուեցաւ զարգանալ տնտեսութիւնը, բանակաշինութեան աշխատանքը նուաճեց նոր յաջողութիւններ, փտածութեան դէմ պայքարը չխնայեց ոչ’ նախկիններուն և ոչ’ ալ ներկաներուն, ամրապնդուեցան ժողովրդավարութիւնն ու մամուլի ազատութիւնը, իսկ Հայաստան դարձաւ արեւմտեան աշխարհի ուշադրութեան առարկայ եւ յուսալի գործընկեր։

Այս բոլորով հանդերձ, Հայրենիքէն ներս կան բազմաթիւ հարցեր, որոնք կը կարօտին լուծումներու՝ սկսեալ դատաիրաւական համակարգի բարեփոխումներէն, ժողովուրդի կենսամակարդակի բարձրացումէն եւ արտագաղթի դէմ աւելի ազդու քայլերու կիրառումէն։

Միւս կողմէ, փոթորկալից տարի մը ապրեցան մասնաւորապէս Միջին Արեւելքի մեր հայրենակիցները։ 2023-ին ծայր առած իսրայէլա-պաղեստինեան աղէտալի պատերազմը դժբախտաբար կլանեց նաեւ Լիբանանը՝ պատճառելով բազմահազար մարդկային կեանքի կորուստ եւ աննախադէպ աւերածութիւն: Տարին իր լրումին հասաւ Սուրիոյ՝ աւելի քան 50 տարի իշխած Ասատի վարչակարգին տապալումով: Ակնյայտ է, որ այս զոյգ իրադարձութիւնները արմատապէս եւ անդառնալիօրէն փոխեցին տարածաշրջանին դիմագիծը՝ նոր եւ անկանխատեսելի

մարտահրաւէրներու առաջ կանգնեցնելով տեղւոյն հայ համայնքները, որոնք արդէն իսկ տարիներէ ի վեր կը դիմագրաւեն տնտեսական ծանր պայմաններ՝ պատճառ դառնալով շատերուն լքելու հայութեան համար իսկապէս երկրորդ հայրենիք դարձած Լիբանանն ու Սուրիան:

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը իր բոլոր կառոյցներով կը շարունակէ սատար կանգնիլ հայրենի պետականութեան, ինչպէս նաեւ բոլորիս հոգածութեան կարիքը ունեցող Միջին Արեւելքի մեր հայրենակիցներուն։

Կը մաղթենք, որ 2025-ը դառնայ խաղաղութեան ու բարեբերութեան տարի մը մայր հայրենիքին, հայրենակարօտ սփիւռքահայութեան ու համայն աշխարհին համար։

Շնորհաւոր Նոր Տարի։

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան
Կեդրոնական Վարչութիւն

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment