Home Uncategorized Երեւանն Ու Անքարան Համաձայնած Են Համատեղ Գնահատել Կիւմրի-Կարս Երկաթուղով Սահմանի Անցման Տեխնիկական Պահանջները․ Միրզոյեան

Երեւանն Ու Անքարան Համաձայնած Են Համատեղ Գնահատել Կիւմրի-Կարս Երկաթուղով Սահմանի Անցման Տեխնիկական Պահանջները․ Միրզոյեան

by MassisPost

Հայաստանի կառավարութիւնը հաստատակամ է շարունակելու իր ջանքերը՝ խաղաղութեան, անվտանգութեան, կայունութեան եւ համագործակցութեան ցանկալի նպատակներուն հասնելու ուղղութեամբ, ՍԾՏՀԿ Արտաքին գործերու նախարարներու խորհուրդի 49-րդ հանդիպման իր ելոյթին մէջ յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար, ՍԾՏՀԿ գործող նախագահ Արարատ Միրզոյեանը:

Ընդգծելով, որ «տարածաշրջանային երկխօսութիւնը փոխշահաւէտ համագործակցութեան հաստատման բանալին է»՝ Միրզոյեան շեշտած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը հանդէս եկած է «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախաձեռնությամբ, որ նպատակ ունի զարգացնելու տարածաշրջանի երկիրներուն միջեւ հաղորդակցութիւնը։

Որպէս հիմք, արտաքին գործերու նախարարը ընդգծած է պետական ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան լիակատար յարգման, ինչպէս նաեւ իրաւահաւասարութեան ու փոխադարձությեան սկզբունքներու կիրառման կարեւորութիւնը:

Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը տեղեկացուցած է, որ Հայաստանը եւ Թուրքիան արդէն համաձայնած են համատեղ գնահատել Կիւմրի-Կարս երկաթուղով սահմանի անցման տեխնիկական պահանջները։

Ըստ Միրզոյեանի՝ Երեւանը միեւնոյն ժամանակ երկաթուղային ենթակառուցուածքը վերագործարկելու, սահմանի հատման եւ մաքսային ընթացակարգերու պարզեցման եւ երկու անվտանգութեան որոշ լրացուցիչ մեխանիզմներ ապահովելու ձեւեր առաջարկած է Պաքուին։

«Հայաստանը յանձնառու է կառուցողական եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան ՍԾՏՀԿ շրջանակներում՝ սեւծովեան տարածաշրջանում եւ դրանից անդին խաղաղութեան ու կայունութեան օրակարգն առաջ մղելու համար», – եզրափակած է Միրզոյեան։

Կիւմրիէն Կարս տանող երկաթուղով վերջին անգամ 1993 թուականին գնացք անցած է, երկու երկիրներու պետական սահմանը այդ տարի փակուեցաւ։

Օրերս Հայաստանի բանագնաց, խորհրդարանի փոխխօսնակ Ռուբէն Ռուբինեան ըսաւ, որ Նոյեմբերին Հայաստան-Թուրքիա սահմանին տեղի ունեցած է երկու երկիրներու քանի մը գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներու հանդիպումը։ Ռուբինեան շատ մանրամասնութիւններ չներկայացուց, միայն նշեց, որ գնահատուած են տեխնիկական կարիքները, որոնք հնարաւորութիւն պիտի ընձեռեն գործարկելու Ախուրիկ/Աքյաքա երկաթուղու սահմանային անցակէտը:

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներակայցուցիչներ Ռուբէն Ռուբինեանն ու Սերտար Քըլըչը ամռան տեղի ունեցած իրենց վերջին հանդիպման ընթացքին պայմանաւորուած էին համատեղ գնահատել Կիւմրի-Կարս երկաթուղով սահմանի անցման տեխնիկական պահանջները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment