Այն պահուն երբ Արաբական աշխարհն ու Եւրոպական շարք մը պետութիւններ լծուած էին Դամասկոսի հետ իրենց յարաբերութիւնները վերականգնելու աշխատանքին` հաշտուելով այն իրողութեան հետ, որ Պաշար Ասատի իշխանութեան այլեւս վտանգ չսպառնար, սուրիական ընդդիմութիւնը անակնկալ յարձակումի անցնելով կարողացաւ 10 օրուան ընթացքին տապալել Պաշար Ասատին` վերջ տալով Ասատ ընտանիքի 54 տարի տեւող իշխանութեան:
2011 թուականին, երբ «Արաբական Գարունը» հասաւ Սուրիա ու ժողովուրդը խաղաղ ցոյցերու միջոցաւ բարեփոխումներ կը պահանջէր, Պաշար Ասատի զօրքերը սկսան կրակել ցուցարարներու վրայ: Խաղաղ ցոյցերը վերածուեցան զինեալ բախումներու, որոնց ընթացքին ընդդիմադիր ուժերը իրենց հսկողութեան տակ առին Հալէպ քաղաքի մէկ մասը եւ այլ շրջաններ: 2015-ին նախագահ Ասատ օգնութիւն խնդրեց Ռուսաստանէն, որ արդէն իսկ Սուրիոյ մէջ ունէր երկու ռազմակայաններ, որոնցմէ մէկը ծովային` Թարթուսի մէջ: Ռուսական օդուժը եւ Իրանի հովանաւորութիւնը վայելող «Հըզպալահի» զինեալները կարողացան դուրս մղել ընդդիմադրութիւնը` իրենց գրաւած շրջաններէն ու անոնք հաւաքուեցան Թուրքիոյ սահմանակից Իտլիպի նահանգը:
Այդ թուականէն ետք պատերազմը մտաւ սառած վիճակի մէջ եւ կար այն տպաւորութիւնը, թէ Պաշար Ասատ վերջնականապէս յաղթած էր իր հակառակորդներուն ու ամրապնդած` իշխանութեանը:
Նոյեմբեր 27-ին, արդիական զէնքերով զինուած «Հէյաթ Թահրիր Ալ Շամ» զինեալները դուրս գալով Իտլիպէն յարձակեցան Սուրիոյ երկրորդ մեծագոյն քաղաք`Հալէպի վրայ ու առանց մեծ դիմադրութեան գրաւեցին զայն: Անոնք շարժելով դէպի հարաւ, գրաւեցին Համա եւ ապա Հոմս քաղաքները ու տասը օրուան մէջ հասան Դամասկոս, ուր եւս սուրիական բանակը մերժեց կռուիլ, իսկ Իրանն ու Ռուսաստանը չկարողացան օգնութեան հասնիլ Պաշար Ասատին ու ան ստիպուած դիմեց փախուստի` ապաստան խնդրելով նախագահ Փութինէն:
Դէպքերու այս արագ զարգացումը անակնկալի բերաւ առաջին հերթին Սուրիոյ ժողովուրդին ու նաեւ միջազգային բոլոր խաղացողներուն, ի բացառութեամբ Թուրքիոյ, առանց որուն գիտակցութեան ու օժանդակութեան անկարելի պիտի ըլլար միջազգայնօրէն ահաբեկչական կազմակերպութիւն դասուած «Հէյաթ Թահրիր Ալ Շամը» կարողանար հաւաքագրել տասնեակ հազարաւոր զինեալներ ու կարճ ժամանակուայ մէջ գրաւել Դամասկոսը:
Քաղաքական շրջանակներուն համար անակնկալ էր նաեւ Ռուսաստանի եւ Իրանի անգործութիւնը: Ռուսաստան մխրճուած ըլլալով Ուքրանիոյ պատերազմին մէջ չկարողացաւ հասնիլ Ասատի օգնութեան: Լիբանանեան «Հըզպալահն» Իսրայէլի հետ երկու ամիս տեւող պատերազմէն դուրս եկած էր յոգնած ու տկարացած եւ ի վիճակի չէր պաշտպանելու Դամասկոսի իր դաշնակիցին:
Պաշար Ասատի հեռացումով պարտուած դուրս եկան Մոսկուան ու Թեհրանը: Մանաւանդ այս վերջինը, որ Սուրիոյ միջոցաւ իր ազդեցութիւնը կը տարածէր արաբական աշխարհի վրայ: Այս տարիներու ընթացքին Իրան 40 միլիառ տոլար տրամադրած է Սուրիոյ տնտեսութիւնը ոտքի պահելու համար եւ յոյս ունէր, որ այդ գումարներուն դիմաց պիտի ստանայ որոշ թիւով սուրիական պետական գոյքեր:
Անգամ մը եւս Քրեմլին ինկաւ Անգարայի ծուղակը: Էրտողանի հետ Փութինի սիրաբանութիւնը դարձեալ աւարտեցաւ դաւաճանութեամբ: Արցախի մէջ ոչ միայն հայութիւնը պարտութիւն կրեց, այլ եւ Ռուսաստանը, որ տարածաշրջանը յանձնելով Թուրք-Ազերի դաշինքին` ցոյց տուաւ իր թուլութիւնը: Սուրիոյ մէջ կրած պարտութեամբ, Ռուսաստան բոլոր խաղաքարտեր կը յանձնէ Անգարային, որ այս բոլորէն դուրս կու գայ« որպէս ամէնէն ուժեղ կողմը եւ այժմ հարցականի տակ է ռուսական ռազմակայաններու ճակատագիրը եւս: Իսկ Իրան ականատես կ’ըլլայ Սուրիոյ մէջ 40 տարուան իր ներդրումի մէկ օրէն միւսը փոշիացումին եւ Լիբանանի ու Արաբական այլ երկիրներու մէջ անոր ազդեցութեան նահանջին:
ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»