«Կը ցաւինք, որ Ֆրանսան, ի հեճուկս միջազգային իրաւունքին, կը մասնակցի Հայաստանի ռազմականացման ծրագրին»:
Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ։
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն փոխանցմամբ՝ ան կրկին պնդած է, թէ Հայաստանը Ֆրանսայէն «մահաբեր զէնք ստացած է»:
«Ֆրանսան հայկական կողմի ռազմականացման հիմնական ուժերէն մէկն է, ուստի անոր ռազմականացումը պատասխանատուութեան խնդիր է»,- եզրափակած է Ալիեւի օգնականը։
Հաճիեւ ըսած է, որ բաց կը մնան որոշակի հարցեր, որոնք նոյնպէս կը քննարկուին աշխատանքային կարգով. «Երկու երկիրներուն միջեւ այլեւս պատերազմի գործօն չկայ: Ատրպէյճանը լիովին ապահոված է իր տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը։ Հայկական բռնագրաւման ուժերը նոյնպէս դուրս բերուած են Ատրպէյճանի տարածքէն»։