Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տարածաշրջանին Մէջ Բառացիօրէն Անցեալ Տարի Ականատես Եղանք Ցեղասպանութեան, Որ Աշխարհը Անկարող Եղաւ Կանխել. Միրզոյեան

Տարածաշրջանին Մէջ Բառացիօրէն Անցեալ Տարի Ականատես Եղանք Ցեղասպանութեան, Որ Աշխարհը Անկարող Եղաւ Կանխել. Միրզոյեան

by MassisPost

Հայաստանը ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի շրջանակին մէջ ներկայացուող «Ցեղասպանութեան կանխարգիլում» բանաձեւի հեղինակն է, որ վերջին անգամ ընդունուած է այս տարուայ Մարտ ամսուն եւ անոր հիմնական թեմաներէն մէկը եղած է ցեղասպանութեան վաղ նախազգուշացումն ու վաղ արձագանգումը ապահովելու հարցը։

Երեւանի մէջ ընթացող «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» 5-րդ համաշխարհային համագումարին ժամանակ այս մասին յայտնած է ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը՝ նշելով, որ  նոյնիսկ օրեր առաջ, Դեկտեմբեր 9-ին՝ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի եւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օրը եւ նոյնիսկ անկէ երեք օր առաջ ու  երեք օր յետոյ, աշխարհի տարբեր անկիւններու եւ յատկապէս զինուած հակամարտութիւններու գօտիներուն մէջ աշխարհ ականատես է ցեղասպանական գործողութիւններու դրսեւորումներու, ազդակներու, որոնք կը խօսին մարդկութեան դէմ հասունացող նոր յանցագործութիւններու մասին։

Ըստ Միրզոյեանի՝ միջազգային հանրութիւնը ցեղասպանութիւններու եւ զանգուածային այլ ոճրագործութիւններու մասին կը սկսի աւելի շատ խօսիլ եւ ուշադրութիւն դարձնել, երբ անոնք արդէն իսկ կայացած փաստեր են։

«Մեր տարածաշրջանում դրա ականատեսը եղանք ոչ միայն շուրջ 110 տարի առաջ Հայոց ցեղասպանութեան պարագայում, այլեւ բառացիօրէն անցեալ տարի, երբ թւում էր աշխարհին տեսանելի են բաւարար վտանգի գործօններ, որոնք կարող են յանգեցնել անդառնալի հետեւանքներին։

«Ցաւօք, մենք անկարող եղանք կանխել եւ այսօր ականատես ենք այդ անդառնալի հետեւանքներին։ Սա այն օրինակներից է, երբ միջազգային կառոյցների արձագանգը հաւասարազօր չէր վտանգի գործօններին եւ տեղում ստեղծուած իրավիճակին։

«Նշուած վտանգի գործօններից ամենաէականը` ատելութեան տարածումը, ի վերջոյ ատելութեան խօսքից վերածուեց յանցագործութեան։ Հայերի վերաբերեալ բերած օրինակը տարածւում է բոլոր այլ ցեղասպանութիւնների եւ զանգուածային ոճրագործութիւնների իրականացման հանգամանքների եւ պատճառների վրայ, քանի որ այս յանցագործութեան հիմքերը, վտանգի գործօնները բաւականին միանման են»,- նշած է Միրզոյեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment