Հակափտածութեան քրէական դատարանը հրապարակած է արտակարգ իրավիճակներու նախկին նախարար Անդրանիկ Փիլոյեանի գործով դատավճիռը։
Փիլոյեանի նկատմամբ վերջնական պատիժ նշանակուած է չորս տարի հինգ ամիս՝ հինգ տարուայ բանտարկութեան հաշուակցելով կալանքի ժամկէտը։
Նշենք, որ Փիլոյեան մեղաւոր ճանչցուած է պաշտօնական լիազօրութիւններու չարաշահման, մեծ չափերով կաշառք ստանալու համար, որ կատարուած է խումբ մը անձերու կողմէ նախնական համաձայնութեամբ։
Փիլոյեան երեք տարի ժամկէտով զրկուեցաւ որոշակի հանրային ծառայութեան պաշտօններ զբաղեցնելու իրաւունքէն, նշանակուած է նաեւ տուգանք՝ 1 միլիոն 300 հազար դրամի չափով։