Հայ Կաթողիկէ «Թագուհի Տիեզերաց» եկեղեցւոյ մէջ Ներկայութեամբ՝ Արհ. Տէր Գէորգ եպս. Ասատուրեանի եւ Գերյարգելի Ճօրճ ծայր. վրդ. Պահէի, ՍԴՀԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Ընկ.Վազգէն Համալեանը եւ Վարիչ Մարմինի ընկերները, հանդիպում մը ունեցան նորանշանակ Ներկայ իշխանութեան Զինուորական պատասխանատուներուն հետ։ Ուրկէ ուղղուեցան դէպի Ֆոր-Սիզըն պանդոկը եւ Համայնքներու պատասխանատուներու հետ ունեցան ընդհանուր ժողով մը եւ Ներկայ ապահովական համակարգի վերականգնումի ու յառաջիկայ օրերու առնուելիք քայլերուն մասին ընդհանուր կէտերուն մասին խօսուեցաւ։
Ապա ուղղուեցան առաջնորդանիստ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակը եւ Ազգ. Ս. Թարգմանչաց ճեմարանը։ Խումբը՝ համայնքի բոլոր զաւակներուն կը հանգստացնէ, որ վերջին օրերուն նիւթական վնասներ երբեք տեղի չեն ունեցած։