Դեկտեմբեր 4-ին, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Նորընտիր Վարիչ Մարմինի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ատենապետ Ընկ․ Միհրան Խաչատուրեանի քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոս` Կարէն Իսրայէլեանին։
Ստեղծուած այս առիթի համար Ընկ․ Խաչատուրեան շնորհակալութիւն յայտնելով Հիւպատոս Իսրայէլեանին շեշտեց, որ Հնչակեան Կուսակցութիւնը միշտ գործակցած է Հայաստանի պետական ներկայացուցիչներուն հետ եւ այսուհետեւ եւս պիտի շարունակէ նոյնը ընել;
Պրն. Իսրայէլեան իր պատասխան խօսքին մէջ մեծապէս գնահատեց ՍԴՀԿ-ի պետականամէտ կեցուածքը, որ մեծապէս կը գնահատուի Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ։
Ընկ․ Խաչատուրեան յայտնեց, որ Հնչակեան կուսակցութիւնը երբ ընդդիմադիր դիրքերու վրայ էր նախկին իշխանութիւններուն հանդէպ ինքզինքին չէր արտօներ արտասահմանի մէջ ցոյցեր կազմակերպել մեր դեսպանտուներուն ու հիւպատոսարաններուն առջեւ, որոնք կը ներկայացնեն Հայաստանի Պետութիւնը եւ ոչ թէ հոն տիրող վարչակազմը։
Այս առթիւ կողմերը շեշտեցին իրենց յանձնառութիւնը Հայաստան-սփիւռք կապերու զարգացման ու ամրապնդման ուղղութեամբ` Հայ ժողովուրդի շահերը առաջ տանելու եւ ապահովելու համերաշխութիւնը Հայութեան բոլոր հատուածներուն միջեւ։
Պրն․ Իսրայէլեան այս առթիւ տեղեկութիւններ փոխանցեց նոր կարգադրութիւններու մասին, որոնց շնորհիւ հիւպատոսարանի գործունէութիւնը եւ քաղաքացիներուն հետ յարաբերութիւնները պիտի դառնան աւելի արդիւնաւէտ։
Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորհրդականներ Նազելի Համբարձումեանը եւ Կարէն Յովհանիսեանը