Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան Տիկնոջ Հետ Ներկայ Գտնուած Է Փարիզի Աստուածամօր Տաճարի Վերաբացման

Նիկոլ Փաշինեան Տիկնոջ Հետ Ներկայ Գտնուած Է Փարիզի Աստուածամօր Տաճարի Վերաբացման

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ, Փարիզի մէջ ներկայ գտնուած է Աստուածամօր տաճարի վերաբացման արարողութեան:

Միջոցառման ներկայ եղած են Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, ԱՄՆ ընտրուած նախագահ Տոնալտ Թրամփը, Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայերը, Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլան, Լեհաստանի նախագահ Անճէյ Տուտան, Խրուաթիոյ նախագահ Զօրան Միլանովիչը, Պուլկարիոյ նախագահ Ռումէն Ռատեւը եւ այլ երկիրներու առաջնորդներ, կառավարութիւններու ղեկավարներ:

Միջոցառման շրջանակին մէջ ելոյթով հանդէս եկած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Աստուածամօր տաճարի վերականգնման աշխատանքներուն եւ ընդգծած՝ տաճարի վերաբացման կարեւորութիւնը իր երկրին ու ժողովուրդին համար:

Յաջորդիւ Փարիզի արքեպիսկոպոս Լորան Ուլրիխը կատարած է եկեղեցական արարողութիւն:

Բարձրաստիճան հիւրերը շրջայց կատարած են Աստուածամօր տաճարին մէջ:

Երեկոյեան Նիկոլ Փաշինեան եւ Աննա Յակոբեան Էլիզէի պալատին մէջ մասնակցած են Էմանուէլ եւ Պրիժիթ Մաքրոններու անունով՝ ի պատիւ Փարիզի Աստուածամօր տաճարի վերաբացման արարողութեան մասնակից պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու տրուած պաշտօնական ընթրիքին:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment