«Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահագն Ալեքսանեան Ազգային Ժողովին մէջ 2025 թ. ՀՀ պետական պիւտճէի քուէարկութենէն յետոյ արձանագրեց, որ «Հայաստան» խմբակցութիւնը դէմ քուէարկեց պիւտճէի նախագիծին:
Այս ծիրին մէջ ան նկատեց. «Դրանով սահմանւում է, որ ՀՀ զինծառայողները պէտք է աշխատավարձ ստանան, ծերերը՝ թոշակ, բանակի համար պիտի զէնք գնուի, ամրաշինական աշխատանքներ պիտի կատարուեն: Ահա այն ամէնը, ինչ պէտք է իմանալ «Հայաստան» խմբակցութեան մասին»:
Խորհրդարանը 66 կողմ ձայնով հաստատած է 2025 թ. ՀՀ պետական պիւտճէն: Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը նախագծին դէմ քուէարկած է: