Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հալէպահայերու Առաջին Խումբի Հայաստան Ժամանումը Կը Սպասուի Դեկտեմբեր 14-ին

Հալէպահայերու Առաջին Խումբի Հայաստան Ժամանումը Կը Սպասուի Դեկտեմբեր 14-ին

by MassisPost

Հալէպի մէջ տակաւին կայ 10-12 հազար հայ, որոնց տարհանումը հնարաւոր պիտի ըլլայ կազմակերպել պատեհ հնարաւորութեան յառաջացման պարագային։ Սուրիահայերուն առաջին խումբի Հայաստան ժամանումը կը սպասուի Դեկտեմբեր 14-ին։

Երեւանի «Մետիա կեդրոն»-ին մէջ կայացած՝ «Իրավիճակը Հալէպի մէջ. հայ համայնքի ճակատագիրը. անվտանգութեան մտահոգութիւններ եւ մարդասիրական կարիքներ» թեմայով քննարկման ընթացքին նման տեղեկութիւններ հրապարակեց ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի հայրենադարձներու համարկման վարչութեան պետ Յովհաննէս Ալեքսանեանը։

Ամփոփելով Նոյեմբեր 30-ին Սուրիոյ հակակառավարական ուժերու վերահսկողութեան ներքոյ անցնելէ յետոյ Հալէպի մէջ ներկայիս տիրող իրավիճակը՝ բանախօսը յայտնեց, որ սրացման յաջորդած 1-2 օրերուն որոշ հայ ընտանիքներ կրցած են երկրորդական ճանապարհներով դուրս գալ քաղաքէն։ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը կապ կը պահպանէ այդ ընտանիքներուն հետ, որոնց մէկ մասը հաստատուած է մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ, միւսները՝ Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մէջ։

«Մեր տուեալներով՝ այս պահին Հալէպում կան շուրջ 10-12 հազար հայեր, որոնք հիմնականում տեղաբաշխուած են երեք շրջաններում՝ Նոր Գիւղ, Ազիզիէ եւ Սուլէյմանիէ։ Հայեր կան նաեւ այլ թաղամասերում»,- նշեց Ալեքսանեան։

Անոր հաղորդմամբ՝ որոշակի ընդմիջումէ յետոյ Դեկտեմբեր 3-ին Հալէպի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է հայ համայնքի ներկայացուցիչներու առաջին մեծ հանրային հանդիպումը։ Բերիոյ թեմը՝ Կիլիկիոյ հայոց կաթողիկոսութեան ֆինանսական միջնորդութեամբ միջոցներ կը յատկացնէ քաղաքի կարիքաւոր ընտանիքներուն։ Միւս հաստատութիւնները նոյնպէս աստիճանաբար կը ծաւալեն բարեգործական աշխատանքներ։ Հալէպի մէջ հացի եւ ջուրի պաշարներու սղութեամբ պայմանաւորուած՝ արձանագրուած է գիներու որոշակի թանկացում։

Յովհաննէս Ալեքսանեան նշեց նաեւ, որ ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի հայրենադարձներու համարկման վարչութիւնը կապ կը պահպանէ տեղի համայնքային հաստատութիւններուն եւ Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանատան հետ։ Վերջինս եւ ՀՀ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը թէժ գիծ գործարկած են հայրենակիցներուն համար։ Բոլոր կառոյցները կը հետեւին իրադարձութիւններու զարգացման՝ պատրաստ ըլլալով որեւէ պահի օգնութեան հասնելու հալէպահայերուն։

«Այս պահին հնարաւոր չէ տարհանում կազմակերպել եւ օժանդակութիւն հասցնել։ Եթէ հնարաւորութիւն լինի եւ պայմանները ներեն, կարելի է դա դիտարկել, բայց այս պահին այդպիսի հնարաւորութիւն չկայ։ Հալէպի օդանաւակայանը եւ արդիւնաբերական գօտին հիմա վերահսկում են իսլամիստական խմբաւորումները։ Մեծ թուով մարդկանց անվտանգ տարհանելու երաշխիք չկայ»,- յայտնեց Յովհաննէս Ալեքսանեան։

Ան տեղեկացուց, որ Դեկտեմբեր 14-ին նախատեսուած է Դամասկոս-Երեւան թռիչք եւ վտանգէն մազապուրծ եղած սուրիահայերու առաջին խումբը պիտի հասնի Հայաստան։

«Պատրաստ ենք որեւէ ժամի ընդունել մեր հայրենակիցներին եւ զբաղուել նրանց խնդիրներով։ Նախորդ տարիներից պահպանել ենք սիրիահայերի առողջապահական անվճար պետական աջակցութեան ծրագիրը, որի շրջանակում պատրաստ ենք դիտարկել մեր հայրենակիցների կարիքները։ Նաեւ կոչ ենք անում մեր գործընկեր կազմակերպութիւններին իրականացնել համատեղ ծրագրեր»,- ընդգծեց վարչութեան պետը։

Սուրիոյ մեծութեամբ երկրորդ եւ ամենահայաշատ քաղաքը իսլամիստ ապստամբներու վերահսկողութեան ներքոյ անցած է Նոյեմբեր 30-ին։ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը նշած է, որ անվտանգ տարհանման հնարաւորութիւնը այս պահին բացակայ է։ ՀՀ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը ուշադրութեամբ կը հետեւի զարգացումներուն եւ հնարաւորութեան պարագային պիտի դիտարկուին բոլոր տարբերակները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment