Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԼՂ-էն Բռնի Տեղահանուածներէն 25 Հազարը Գրանցուած Աշխատանք Ունի

ԼՂ-էն Բռնի Տեղահանուածներէն 25 Հազարը Գրանցուած Աշխատանք Ունի

by MassisPost

Դեկտեմբեր 5-ին տեղի ունեցած է ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարին կից Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուածներու աջակցման հարցերով ձեւաւորուած հասարակական խորհուրդի հերթական նիստը։ Զայն վարած է նախարար Դաւիթ Խուդաթեանը։

Խուդաթեան ողջունած է Խորհուրդի անդամները եւ համոզմունք յայտնած, որ Խորհուրդի անդամներու ջանքերուն համախմբումը պիտի յանգեցնէ տեսանելի արդիւնքներու, եւ պիտի կարենան ապահովել տեղահանուած հայրենակիցներուն կեանքի որակի բարձրացում։

Նիստի օրակարգին ընդգրկուած եղած է երկու հարց։ Զեկուցուող առաջին հարցը վերաբերած է զբաղուածութեան ապահովման պետական աջակցութեան ծրագրերուն։ Հարցը ներկայացուցած է Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի տեղակալ Ռուբէն Սարգսեան։

Երկրորդ հարցը վերաբերած է ԼՂ-էն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու բնակարանային ապահովման պետական աջակցութեան ծրագրի ընթացիկ իրավիճակին, որ զեկուցած է Աննա Ժամակոչեանը։

Նախարարի տեղակալ Ռուբէն Սարգսեանը տեղեկացուցած է, որ այս պահին, ըստ ՊԵԿ-ի փոխանցած տուեալներուն, 25000 տեղահանուած գրանցուած աշխատանք ունի։ «Միասնական ընկերաային ծառայութեան միջոցով այս պահին աշխատանքի ապահովման երկու ձեւ է գործում՝ ուղիղ գործատուի միջոցով եւ աշխատանքային փորձի, ուսուցման տեսքով»,- նշած է նախարարի տեղակալը։

ՀՀ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի տեղակալ Աննա Ժամակոչեան խօսելով ԼՂ-էն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու բնակարանային ապահովման պետական աջակցութեան ծրագրին մասին, նշած է, որ այս պահին քանի մը ուղղութիւններով կը փորձեն լաւարկել։ Անոնք կը վերաբերին ձեռք բերուող, կառուցուող բնակելի տարածքներու մակերեսներուն, տուն կառուցելու համար ձեռք բերուող հողատարածքի գումարի շեմի բարձրացում, հողմասի նուազագոյն մակերեսի սահմանում, ինչպէս նաեւ երկրորդ փուլի շահառուներուն եւս հնարաւորութիւն ընձեռել դիմել ծրագրին, եթէ վճարունակ ճանաչուին։

Խորհուրդի նիստին մասկացած է նաեւ ՀՀ Ներքին գործերու նախարարութեան Գաղթի եւ քաղաքացիութեան ծառայութեան նորանշանակ պետ Նելլի Դաւթեանը։

Խորհուրդի անդամները զեկուցուող հարցերուն վերաբերեալ յայտնած են իրենց տեսակէտերը եւ առաջարկները։ Ծաւալած է հարց ու պատասխան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment