Ազգային Ժողովին մէջ ԱԺ նախագահ Ալէն Սիմոնեան արձագանգեց ընդդիմադիր պատգամաւորներու՝ փտածութեան մասին ելոյթներուն։
Ան ըսաւ, որ «Հայաստան» խմբակցութիւնը ամենափտած թեմաներու շուրջ մեղադրանքներ ունեցող խմբակցութիւնն է։
Վերջինս, յիշեցնելով Քոչարեաններու ընտանիքին ունեցուածքի մասին, նշեց 4 միլիառ տոլար թիւը, եւ դիմելով «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լեւոն Քոչարեանին, նկատեց. «Թիւի մէ՞ջ է խնդիրը։ 4 չէ, 3,8 է, 5 է, 1 է։ Ինչքա՞ն է, Լեւոն ջան, կ’ասե՞ս։ Ինչքա՞ն է։ Ինչքա՞ն փող ունէք, կ’ասէ՞ք։ Պարոն Քոչարեան, կ’ասէ՞ք՝ ինչքան գումարի է տիրապետում Քոչարեանների ընտանիքը։ Արցախի՞ց էիք բերել այդ գումարները»։
Ըստ Սիմոնեանի՝ իրականութիւնը այն է, որ Հայաստան անոնք «խոպան էին եկել»։
Ալէն Սիմոնեան յիշեցրեց «Առագաստ» սրճարանին մէջ Ռոպերթ Քոչարեանի նախագահութեան օրօք անոր թիկնապահներուն կողմէ սպաննուած Պօղոս Պօղոսեանի դէպքը՝ ցուցադրելով վերջինիս լուսանկարը, ապա՝ 2008թ. «Մարտի 1»-ի սպանութիւնները, եւ նշեց. «Երբ խօսք է գնում մարդ սպաննելուց, փտածութիւնից, ես կարծում եմ՝ ճիշդը դահլիճից դուրս գալն է, պոյքոթելը։ Ամենաճիշդ տրամաբանութիւնն է»։