Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միջնաժամկէտի Մէջ Մեր Դարաւոր Ու Ռազմավարական Խնդիրը Լուծուած Է. Փաշինեան

Միջնաժամկէտի Մէջ Մեր Դարաւոր Ու Ռազմավարական Խնդիրը Լուծուած Է. Փաշինեան

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետը վստահ է, որ գործող կառավարութիւնն է այն կառավարութիւնը, որ հնարաւորութիւն պիտի ունենայ ըսելու, որ երաշխաւորած են Հայաստանի պետականութեան գոյութիւնը յառաջիկայ 100-ամեակի ընթացքին:

Փաշինեան նման համոզմունք յայտնեց Ազգային Ժողովին մէջ 2025 թուականի պետական պիւտճէի մասին օրէնքի նախագիծի քննարկման ժամանակ ունեցած ելոյթին ընթացքին:

Վարչապետը յիշեցուց, որ երկու  տարի առաջ ԱԺ ամպիոնէն յայտարարած է՝ եթէ յաջողի 1-2  տարի պահել Հայաստանի պետականութիւնը, այդ պիտի նշանակէ, որ յառաջիկայ հարիւրամեակին պետութեան գոյութիւնը պահպանելու իրական հնարաւորութիւն պիտի ստեղծուի:

«Եւ ահա երկու տարի անց ես կանգնած եմ Հայաստանի խորհրդարանի ամպիոնի մօտ՝ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ: Եւ պիտի այսպիսով արձանագրեմ, որ միջնաժամկէտում մեր դարաւոր եւ ռազմավարական խնդիրը լուծուած է»,- ըսաւ Փաշինեան:

Ան սակայն շեշտեց, որ կարելի չէ որեւէ վայրկեան տկարացնել զգօնութիւնը, որովհետեւ այն մարտահրաւէրներուն զգալի մէկ մասը, որոնք առկայ էին երկու տարի առաջ, դարձած են էականօրէն ավելի կառավարելի, բայց նաեւ ի յայտ եկած են նոր մարտահրաւէրներ: Ըստ վարչապետին՝ նոր մարտահրաւէրները կառավարելու համար անհրաժեշտ է յաղթահարել «ազգ-նահատակ», «ազգ-բանակ» բանաձեւերը եւ աւելի ու աւելի ամուր կանգնիլ որպէս պետութիւն, որուն միակ խնդիրը սեփական տարածքին մէջ սեփական քաղաքացիներուն անվտանգութիւնն ու բարեկեցութիւնը ապահովելն է:

«Մեզ պէտք է ամուր կանգնել այս հայեցակարգի վրայ եւ քայլ-քայլ, զգուշօրէն, ինքներս մեզ հաշիւ տալով, որ դեռեւս շարունակում ենք քայլել ականապատ դաշտի միջով, կարողանալ յաղթահարել այս ականապատ դաշտն ու միջավայրը եւ հասնել այն հանգրուանին, որը հնարաւորութիւն կու տայ ասել, որ մենք երաշխաւորեցինք մեր պետութեան լինելիութիւնն յառաջիկայ 100-ամեակի ընթացքում: Ես համոզուած եմ, որ հէնց մենք ենք այն կառավարութիւնը, հէնց մենք ենք այն խորհրդարանը, որոնք հնարաւորութիւն են ունենալու ասելու՝ ահա, մենք երաշխաւորեցինք Հայաստանի պետականութեան գոյութիւնն յառաջիկայ 100-ամեակի ընթացքում»,- եզրափակեց վարչապետը:

Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ արտագաղթի մասին։ Ըստ անոր՝ արտագաղթի հիմնական պատճառը հակամարտային յարաբերութիւններն են մեր միջավայրին հետ. «Այո՛, 12-րդ պատճառը կարող է լինել նաեւ ընկերային բարդութիւնը, բայց եկէք ասենք, որ ընկերային բարդութիւնների մի մեծ մասը կապուած է հակամարտային միջավայրի հետ»։

Երկրի ղեկավարին խօսքով՝ անոր պատճառ է նաեւ արդարութեան պակասը։

«Եկէք խոստովանենք, որ այդ արդարութեան պակասը նոյնպէս որոշ տեղերում եւ որոշակի չափով կապուած է հակամարտային միջավայրի հետ։ Մենք չենք խօսել այդ հակամարտային միջավայրում իրենց վրայ շատ մեծ պատասխանատուութիւն վերցրած մարդկանց ներհասարակական, ներհայաստանեան պահուածքի, կարգավիճակի, քաղաքացիական կարգավիճակի մասին»,- նկատեց ան:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment