Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Շրջանառութեան Մէջ Կը Դրուի Գոհար Գասպարեանի Ծննդեան 100-Ամեակին Նուիրուած Յուշադրամ

Շրջանառութեան Մէջ Կը Դրուի Գոհար Գասպարեանի Ծննդեան 100-Ամեակին Նուիրուած Յուշադրամ

by MassisPost

2024 թուականի Դեկտեմբեր 2-ին ՀՀ Կեդրոնական դրամատունը շրջանառութեան մէջ դրած է «Գոհար Գասպարեանի ծննդեան 100-ամեակ» արծաթէ յուշադրամը:

Գոհար Գասպարեանը (1924-2007 թթ.) օփերային արուեստի մեծանուն հայ երգչուհի էր, որ կը կոչէին «Հայաստանի սոխակ», եւ անոր արուեստը դարձած է հայ մշակութային ժառանգութեան անբաժանելի մասը։

Յուշադրամի դիմերեսին պատկերուած է Գոհար Գասպարեանի բեմական կերպարը՝ Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալետի ազգային ակադեմական թատրոնի խորապատկերին, իսկ դարձերեսին՝ երգչուհիին դիմապատկերը՝ վարդերու եւ սոխակի պատկերներով։

Յուշադրամը կը վաճառուի «Դրամագէտ» վաճառասրահին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment