Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսաստանը Չէ Հրաժարած Հայաստանի Հանդէպ Պարտաւորութիւններէն, Այդ Շարքին՝ Ռազմաքաղաքական Ոլորտին Մէջ. ՌԴ ԱԳՆ

Ռուսաստանը Չէ Հրաժարած Հայաստանի Հանդէպ Պարտաւորութիւններէն, Այդ Շարքին՝ Ռազմաքաղաքական Ոլորտին Մէջ. ՌԴ ԱԳՆ

by MassisPost

Ռուսաստանը հաւատարիմ է Հայաստանի հետ պայմանաւորուածութիւններու ամբողջ շրջանակին եւ չի հրաժարիր ռազմաքաղաքական ոլորտին մէջ իր պարտաւորութիւններէն:

Այս մասին յայտնած է ՌԴ արտաքին գործերու փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը, գրած է «Ռիա Նովոսթի»-ն:

«Մոսկուան հաւատարիմ եղած է եւ կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ ինչպէս երկկողմ մակարդակով, այնպէս ալ եւրասիական տարածքին միաւորման շրջանակներուն մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու ամբողջ շրջանակին։ Մենք չենք հրաժարիր մեր դաշնակիցներուն հանդէպ պարտաւորութիւններէն, այդ շարքին՝ ռազմաքաղաքական ոլորտին մէջ»,- ըսած է Կալուզին «Ռուսաստան-Հայաստան» երկրորդ հասարակական համաժողովին ընթացքին։

Ան նաեւ նշած է, որ Ռուսաստանը տարիներ շարունակ ձեւաւորած է անվտանգութեան ճարտարապետութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ։ Կալուզին յաւելած է, որ Ռուսաստանի դերը այս հարցով միշտ պահանջուած պիտի ըլլայ՝ հաշուի առնելով տարածաշրջանին եւ ամբողջ աշխարհին մէջ յարաշարժ իրավիճակը։

«Մենք պատրաստ ենք այս հրատապ թեմային շուրջ Երեւանի հետ անկեղծ եւ առարկայական զրոյցի»,- ընդգծած է փոխնախարարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment