Նոյեմբեր 25-28-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Տնտեսութեան նախարարութիւնը ազգային տաղաւարով մասնակցած է Իրաքի Հանրապետութեան Քիւրտիստանի Ինքնավարութեան Էրպիլ քաղաքին մէջ մեկնարկած «Agro Pack Iraq 2024» սնունդի եւ փաթեթաւորման միջազգային ցուցահանդէսին։
Ցուցահանդէսին մասնակցած է 18 երկրի աւելի քան 350 կազմակերպութիւն։
Ազգային տաղաւարին մէջ ներկայացուած է 15 հայկական ընկերութեան արտադրանք (պահածոյացուած միրգեր, բանջարեղէն, բնական հիւթեր, սուրճ, օրգանական եւ բնական թէյեր, խոտաբոյսեր, տուրմ, չիփսեր, իւղեր, համեմունքներ, կարագ, միսի եւ ձկան պահածոներ, այծի եւ ոչխարի պանիր, պաղ սուրճ եւ թէյ, բնական ջուր, քեթչափ, մայոնեզ, հալած կարագ, չոր միրգեր, ընկոյզներ, սերմեր, թարմ միրգեր)։
Ցուցահանդէսի շրջանակներուն մէջ տեղի ունեցած են հանդիպումներ Էրպիլի առեւտրարդիւնաբերական պալատի, Քիւրտիստանի Ինքնավարութեան տարբեր պետական գերատեսչութիւններու եւ առեւտուրի ներկայացուցիչներու հետ։