Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նոր Մեղադրանք Ներկայացուեցաւ Ռոպերթ Քոչարեանին Եւ Եուրի Խաչատուրովին

Նոր Մեղադրանք Ներկայացուեցաւ Ռոպերթ Քոչարեանին Եւ Եուրի Խաչատուրովին

by MassisPost

ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը եւ անոր նախկին ենթակաները՝ Սէյրան Օհանեանը, Եուրի Խաչատուրովը, Արմէն Գէորգեանը, ներկայացած են դատարան: Նախորդ նիստին դատարանը Քոչարեանը, Խաչատուրովը եւ Օհանեանը բերման ենթարկելու որոշում կայացուցած էր՝ այն յանձնարարելով Հայաստանի ոստիկանապետին:
Նիստին սկիզբը դատաւորը հետաքրքրուեցաւ․ «Ձեր ազատութիւնը սահմանափակուա՞ծ է»։ Քոչարեան ըսաւ՝ հարցումը չի հասկնար, պնդող հարցումին ի պատասխան՝ ըսաւ, որ ազատութիւնը չէ սահմանափակուած:

Ռոպերթ Քոչարեանին, ՀԱՊԿ նախկին գլխաւոր քարտուղար Եուրի Խաչատուրովին Մարտի 1-ի գործով նոր մեղադրանք ներկայացուեցաւ:

Հանրային մեղադրող Հայկ Յովհաննիսեանը այս գործով նիստի ընթացքին փոխեց անոնց վերագրուող արարքին իրաւական գնահատականը՝ նոր մեղադրանք առաջադրելով 2003-ի Ապրիլին ընդունուած ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի 309-րդ յօդուածի 3-րդ մասով՝ պաշտօնական լիազօրութիւնները անցնիլը, որ անզգուշութեամբ յառաջացուցած է ծանր հետեւանքներ. այն կը համապատասխանէ գործող ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի 441 յօդուածին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment