ՀԱՊԿ-ը պէտք չէ մտներ ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ, քանի որ անոր ընթացքին Հայաստանը արտաքին յարձակման չէ ենթարկուած։
Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով այս մասին յայտնած է Ռւոսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին։
«ՀԱՊԿ-ը անոր հետ կապ չունի, քանի որ արտաքին յարձակումը նոյնինքն Հայաստանի դէմ չէ եղած, իսկ ՀԱՊԿ-ը կոչուած է անդամ երկիրները արտաքին յարձակումէ պաշտպանելու։ Ղարաբաղեան իրադարձութիւնները ունին իրենց առանձնայատկութիւնները. Հայաստանը չէ ճանչցած Ղարաբաղը որպէս անկախ պետութիւն եւ, ի հարկէ, Ղարաբաղը չէ ներառած իր շրջագիծին մէջ:
Սա կը նշանակէ, որ այն ամէնը, ինչ տեղի ունեցած է Ղարաբաղի մէջ, իրաւական առնչութիւն չունի Հայաստանի հետ: Ուստի պնդել, որ ՀԱՊԿ-ը պէտք է միջամտեր գործողութիւններուն, տարօրինակ է»,- յայտնած է Փութին:
«Հայաստանը միաժամանակ չ’առարկեր, որ նախատեսուած փաստաթուղթերը ընդունուին: Սա կը նշանակէ՝ հաւանականութիւն կայ, որ Հայաստանը կը վերադառնայ ամբողջական ձեւաչափով աշխատանքի: Կը կարծեմ, որ Հայաստանի եւ ՀԱՊԿ-ի միջեւ ստեղծուած իրավիճակը թելադրուած է երկրի ներքաղաքական իրավիճակով եւ, ի հարկէ, Ղարաբաղի մէջ ճգնաժամի հետեւանքներով»,- ըսած է Փութին։