Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ատրպէյճանի մէջ Լեհաստանի Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատարը Կանչած Են ԱԳՆ

Ատրպէյճանի մէջ Լեհաստանի Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատարը Կանչած Են ԱԳՆ

by MassisPost

Նոյեմբեր 28-ին Ատրպէյհանի Արտաքին գործերու նախարարութիւն կանչուած է Պաքոգի մէջ Լեհաստանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Միխալ Կրեչիլօն։

Այս մասին յայտնած են երկրի ԱԳՆ-էն՝ նշելով, որ հանդիպման ընթացքին դիւանագէտին բողոք արտայայտուած է այն բանի համար, որ, չնայած ատրպէյճանական կողմի նախազգուշացումներուն, Լեհաստանի նախագահ Անճէյ Տուտան այցելած է Երասխ եւ հանդիպած ՀՀ-ի մէջ ԵՄ առաքելութեան դիտորդներուն հետ։

Պաքուի մէջ ջղաձգութիւն բարձրացուցած են այս հարցին առնչութեամբ՝ յայտարարելով, թէ «այս քայլը կը հակասէ ատրպէյճանա-լեհական յարաբերութիւններուն, եւ անհրաժեշտ է խուսափիլ այնպիսի քայլերէ, որոնք կը շօշափեն Ատրպէյճանի օրինական անվտանգութեան շահերը»։

Նշենք, որ Լեհաստանի նախագահ Անճէյ Տուտան Հայաստանի մէջ Եւրամիութեան դիտորդական առաքելութեան՝ Երասխ բնակավայրին մէջ գտնուող դիտակէտին մէջ հանդիպած է լեհ դիտորդներուն հետ։

Ատրպէյճանը կտրուկ արձագանգած է Լեհաստանի նախագահի այցելութեան հայ-ատրպէյհանական սահման:

Երկրի Արտաքին գործերբւ նախարարութիւնը սպառնալից յայտարարութիւն տարածած է եւ Անճէյ Տուտայի այդ այցը որակած է որպէս «հեռադիտակ-շօ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment