Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ կայացած է ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի եւ պաշտօնական այցով Հայաստան գտնուող Լեհաստանի նախագահ Անճէյ Տուտայի առանձնազրոյցը, որուն յաջորդած է ընդլայնուած կազմերով հանդիպումը։
Լեհաստանի նախագահ Անճէյ Տուտան յայտնած է Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ լեհական կողմի ներգրաւուածութեան աւելացման ցանկութեան մասին․ «Ես պարոն նախագահին հարցուցի, թէ արդեօք կը տեսնէ՞ հնարաւորութիւններ աւելի լայն ընդգրկուածութեան, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հակամարտութեան ոլորտին մէջ լեհական կողմի ներգրաւուածութեան համար: Այդ թեմային շուրջ ես խօսած եմ նաեւ նախագահ Ալիեւի հետ COP29 կլիմայական վեհաժողովի ընթացքին»,-ըսած է Անճէյ Տուտան:
Կ’ուզենք, որ հայերը խաղաղ ապրին իրենց հողին վրայ՝ Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ ունենալով իրենց ինքնիշխան պետութիւնը կայուն եւ յստակ նշուած սահմաններու մէջ. այդ խաղաղութիւնը նաեւ շատ կարեւոր է եւրոպական տարածաշրջանին համար»,- նշած է Լեհաստանի նախագահը:
Պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Լեհաստանի նախագահ Անճէյ Տուտայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Նոյեմբեր 26-ին այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ ՀՀ արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Պարոյր Յովհաննիսեանի, Երեւանի փոխքաղաքապետ Արմէն Փամբուխչեանի եւ Լեհաստանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ալեքսանտր Արզումանեանի ուղեկցութեամբ։
Լեհաստանի նախագահը ծաղկեպսակ դրած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, այնուհետեւ հիւրերը ծաղիկներ դրած են անմար կրակին մօտ եւ մէկ րոպէ լռութեամբ յարգած են Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն յիշատակը:
Անճէյ Տուտան եղած է նաեւ Յիշողութեան պուրակին մէջ եւ, ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն, տնկած է արծաթափայլ եղեւնի:
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան մէջ հիւրընկալած է Տուտայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: