Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Երեւանի Ու Լոս Անճելըսի Միջեւ Ստորագրուած Է Թուային Վերափոխման Յուշագիր

Երեւանի Ու Լոս Անճելըսի Միջեւ Ստորագրուած Է Թուային Վերափոխման Յուշագիր

by MassisPost

Պաշտօնական այցով ԱՄՆ այցելած Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան հանդիպած է Լոս Անճելըսի գործընկերոջ՝ քաղաքապետ Քերըն Պասսի հետ:

Երկկողմ համագործակցութեան օրակարգով քաղաքապետերը առանձնացուցած են տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու կիրառումը քաղաքային տնտեսութեան տարբեր ոլորտներու մէջ:

Կարեւորելով Լոս Անճելըսի փորձն ու արձանագրած յաջողութիւնները նշուած գործընթացներուն մէջ՝ քաղաքապետ Տիգրան Աւինեան համոզմունք յայտնած է, որ այն կրնայ օգտակար ըլլալ նաեւ թուային վերափոխման ճանապարհով անցնող Երեւանի համար:

Քաղաքապետ Քերըն Պասս իր հերթին նշած է, որ Լոս Անճելըսը կանգնած է քոյր քաղաք Երեւանի կողքին եւ պատրաստ է իր փորձն ու «խելացի» լուծումները փոխանցելու՝ նախաձեռնուած բարեփոխումները կեանքի կոչելու համար:

Պաշտօնական հանդիպման յաջորդած է Փոխըմբռնման յուշագրի ստորագրման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Օրակարգին վրայ թուային վերափոխումն է:

Ստորագրուած փաստաթուղթով կը նախատեսուի, որ համագործակցութիւն կը ծաւալի արհեստագիտութիւններու օգտագործմամբ բարձրորակ ծառայութիւններ մատուցելու եւ «խելացի» լուծումներ մշակելու նպատակով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment