Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Լիւքսեմպուրկի Պատգամաւորներու Պալատը Ատրպէյճանն Ու Թուրքիան Դատապարտող Բանաձեւեր Ընդունած Է

Լիւքսեմպուրկի Պատգամաւորներու Պալատը Ատրպէյճանն Ու Թուրքիան Դատապարտող Բանաձեւեր Ընդունած Է

by MassisPost

Լիւքսեմպուրկի Պատգամաւորներու պալատը երեք բանաձեւ ընդուած է՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ մարդու իրաւունքներու խախտումներու, ժողովրդավարական արժէքներու արհամարհման եւ քաղաքացիական ազատութիւններու սահմանափակման վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ ընդդիմադիր քաղաքապետներու պաշտօնազրկումներու եւ անոնց՝ ժողովրդավարութեան սպառնալիք հանդիսանալու վերաբերեալ։

Պրիւքսէլի մէջ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին փոխանցմամբ՝ պալատը բանաձեւերը ընդունած է Լիւքսեմպուրկի փոխվարչապետ, արտաքին գործերու նախարար Կզավյէ Պեթելի կողմէ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ հռչակագրի ներկայացումէն յետոյ։

Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներու վերաբերեալ բանաձեւի հիմքին կան շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու, այդ շարքին՝ ԵԽԽՎ-ի, ԵԱՀԿ-ի, Amnesty International-ի եւ Human Rights Watch-ի զեկոյցները, որոնք կը մատնանշեն Ատրպէյճանի մէջ քաղաքացիական իրաւունքներու եւ ազատութիւններու խախտումները, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ նախապէս ընդունած բանաձեւերը:

Բանաձեւը խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ ԵԽԽՎ 76 պատգամաւորներու, այդ շարքին՝ լիւքսեմպուրկցի պատգամաւորներ Օքթավի Մոտերի եւ Իվ Քրուխթենի, «անցանկալի անձ» յայտարարելու որոշումը, ատրպէյճանական վարչակազմին կոչ կ’ընէ յարգելու մարդու իրաւունքները եւ ժողովրդավարական արժէքները, ապահովելու քաղաքացիական հասարակութեան ազատ գործունէութիւնը։ Բանաձեւը Լիւքսեմպուրկի իշխանութիւններուն կոչ կ’ընէ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու հիմքին դնելու այս պահանջներուն իրագործումը։

Ընդունած բանաձեւով Պալատը կը դատապարտէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ կիրառուող պատժամիջոցները, կը պահանջէ անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու ազատել անօրինաբար պահուող բոլոր անձերը։

Նոյն պահանջով հանդէս կու գայ ընդունուած մէկ այլ բանաձեւ, որ եւս կոչ կ’ընէ Լիւքսեմպուրկի կառավարութեան՝ ի թիւս այլ միջոցառումներու, աջակցելու Ատրպէյճանի մէջ քաղաքական շարժառիթներով ձերբակալուած անձերու անյապաղ եւ անվերապահ ազատման ուղղուած բոլոր նախաձեռնութիւններուն։

Լիւքսեմպուրկի Պատգամաւորներու պալատի ուշադրութեան կեդտրոնին եղած է նաեւ Թուրքիան եւ այդ երկրին մէջ առկայ իրավիճակը՝ կապուած ընդդիմադիր ուժերու նկատմամբ ճնշումներուն հետ։ Ընդունած բանաձեւով խորհրդարանականները կը դատապարտեն Թուրքիոյ ընդդիմադիր քաղաքապետներու պաշտօնազրկումները՝ զանոնք համարելով սպառնալիք ժողովրդավարութեան համար։ Բանաձեւը Լիւքսեմպուրկի կառավարութեան կոչ կ’ընէ ժողովրդավարական սկզբունքներու պահպանման կարեւորութիւնը ընդգծելուն ուղղուած նախաձեռնողական երկխօսութիւն սկսելու։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment