Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանի Մէջ Մարդու Իրաւունքներու Իրավիճակը Մտահոգիչ Է. Գերմանիոյ Արտաքին Գործերու Նախարար

Ատրպէյճանի Մէջ Մարդու Իրաւունքներու Իրավիճակը Մտահոգիչ Է. Գերմանիոյ Արտաքին Գործերու Նախարար

by MassisPost

Գերմանիոյ արտաքին գործերու նախարար Անալենա Պերպոք Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակը մտահոգիչ կը համարէ։ Այս մասին Պերպոք  մտահոգութիւն յայտնած Է Պաքուի մէջ տեղի ունեցած COP29-ին, խիստ քննադատութիւն հնչեցնելով Ատրպէյճանի հասցէին։

Ան բացարձակ անընդունելի համարած է Եւրոպայի Խորհուրդի  Խորհրդարանական Վեհաժողովի 76 պատգամաւորի համար Ատրպէյճան մուտքի արգելքը․ «Անոնք կը վերաբերին նաեւ Պունտեսթակի գերմանացի պատգամաւորներուն եւ անհամատեղելի են Եւրոպայի Խորհուրդին մէջ Ատրպէյճանի ստանձնած պարտաւորութիւններուն հետ»,- նշած է Գերմանիոյ արտաքին գործերու նախարարը:

Պերպոք նաեւ յիշեցուցած է լրագրողներու, աքթիւիսթներու եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն ձերբակալութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment