BBC-ն «Sunrise in Armenia» ծրագրի շրջանակին մէջ ցուցադրած է Հայաստանի գեղեցկութիւնը ոգեշնչող տեսանիւթի միջոցով, որ Հայաստանի Զբօսաշրջութեան Կոմիտէին հետ համատեղ արտադրանքի արդիւնք է:
«Աշխարհի մէջ կայ վայր մը, որ կը կոչուի Հայաստան, ուր լեռները այնքան մօտ են երկինքին, եւ սիրտդ կը բացուի յաւիտենական պատմութիւններու առջեւ: Մոմերը կը շշնջեն երկնքին. ամէն ինչ՝ մեծ, թէ փոքր, ունի իմաստ: Ընտրեցէք այն, ինչ ձեզի յարմար է: Պահ մը կանգ առէք, շնչեցէք բարձունքէն… գտէք գանձեր, որոնք ունին հազարաւոր տարիներու պատմութիւն, բացայայտէք Հայաստանը՝ բոլոր հինգ զգայարաններով, համտեսեցէք ամենահամեղ խոհանոցէն, բացայայտեցէք հայոց գիրերը, լսեցէք բոլոր տաճարներուն ձայները, տօնեցէք կեանքը»,- կ’ըսուի տեսանիւթին մէջ, որ կը ցուցադրէ Հայաստանի գեղեցիկ բնապատկերները, հարուստ պատմութիւնն ու մշակոյթը:
Տեսանիւթը ցուցադրուած է նաեւ BBC հեռուստաալիքով: