Home ԱՅԼԱԶԱՆ Ալեքսիս Օհանեան Ցուցադրած Է Տիգրան Մեծի Պատկերով Հազուագիւտ Հայկական Մետաղադրամ

Ալեքսիս Օհանեան Ցուցադրած Է Տիգրան Մեծի Պատկերով Հազուագիւտ Հայկական Մետաղադրամ

by MassisPost

Ամերիկահայ գործարար Ալեքսիս Օհանեան Ինսթակրամի իր հետեւորդներուն հետ կիսուած է հայոց պատմութեան մասին ակնարկով՝ ցուցադրելով հայոց թագաւոր Տիգրան Մեծի պատկերով Ք.Ա. 95 թ․ թուագրուող հազուագիւտ հայկական մետաղադրամ։

«Ես էութեամբ մետաղադրամ հաւաքող չեմ, բայց սա վերցուցած եմ: Եթէ դուք հայ էք, ապա գիտէք Տիգրան Մեծի մասին եւ թէ ինչպէս անոր գահակալութեան օրօք Հայոց թագաւորութիւնը ընդարձակուած է՝ դառնալով Հռոմի Հանրապետութեան արեւելքին ամենահզօր պետութիւնը։ Սա հայոց պատմութեան կտոր մըն է այստեղ»,- ըսած է Օհանեան՝ յաւելելով որ հպարտ է հայ ըլլալու համար եւ ամէն անգամ մետաղադրամին նայելով հաճելի զգացողութիւն կ’ունենայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment