Ատրպէյճան կը փորձէ խեղաթիւրել Ուժանիւթի ուխտագրին բովանդակութիւնն ու նպատակը, քանի որ անոր նպատակն ուժանիւթի ոլորտին մէջ կայուն ներդրումներու եւ առեւտուրի շրջանակի ամրապնդումն է, իսկ ատրպէյճանական կողմը սա կը փորձէ ինչ-որ չափով կապել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետ։
«Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցին այս մասին նշած են Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչի գրասենեակէն՝ անդրադառնալով 2024 թուականի Նոյեմբեր 19-ին Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ Հայաստանի դէմ հայցի հիմնական փաստաթուղթի՝ Մշտական իրաւարար դատարան ներկայացնելուն, որուն համաձայն՝ Հայաստան, իբրեւ թէ, խախտած է ուժանիւթի աղբիւրներու նկատմամբ Ատրպէյճանի ինքնիշխան իրաւունքները։
Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչի գրասենեակին պարզաբանմամբ՝ այստեղ խօսքը որեւէ նոր հայցի մասին չէ․ սա 2023 թուականի Փետրուար 27-ին՝ Ուժանիւթի ուխտագրի հիման վրայ իրաւարարային ծանուցման ներկայացման մասին է։ Այս վարոյթին քննութիւնը արդէն իսկ մեկնարկած է 2023 թուականին։
«Տեղի ունեցած է առաջին ընթացակարգային նիստը, ձեւաւորուած է ատեան, որ քննած եւ ընթացակարգային որոշում կայացուցած է, թէ ինչպէս պէտք է վարոյթը իրականացուի, եւ նիստէն յետոյ սահմանուած է նաեւ ընթացակարգային ժամանակահատուածը, թէ կողմերը ինչ ժամկէտերու մէջ պէտք է ներկայացնեն իրենց գրաւոր դիտարկումներն ու դիրքորոշումները»,- նշած են ներկայացուցչութենէն։
Վերջինիս բնորոշմամբ՝ սա առաջին փաստաթուղթն է, որ պէտք է ներկայացուէր ընթացակարգային որոշումէն յետոյ, եւ ատրպէյճանական կողմը ներկայացուցած է իր ամբողջական հայցադիմումը, որովհետեւ իրաւարարային ծանուցումը, որպէս այդպիսին, գործի մեկնարկին համար ներկայացուող փաստաթուղթ է, բայց հայցադիմումը կը ներկայացուի արդէն հետագայ փուլերուն․ «Սա իրաւարարային նոյն վարոյթի շրջանակներուն մէջ ամբողջական հայցադիմումն է, որ ներկայացուած է Ատրպէյճանի կողմէ»։
Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչի գրասենեակին դիտարկմամբ՝ այս իրաւարարային վարոյթը կը համակարգուի Մշտական իրաւարար դատարանին կողմէ, եւ եթէ նայինք այդ դատարանի կայքին մէջ, ապա կը տեսնենք, որ կայ սահմանուած ժամանակացոյցը, եւ ատրպէյճանական կողմը ուղղակի ժամանակացոյցի համաձայն ներկայացուցած է հայցադիմում, որմէ յետոյ արդէն հայկական կողմը պիտի անդրադառնայ ատեանի իրաւազօրութեան հարցերուն, որմէ յետոյ պիտի ներկայացնէ իր դիտարկումներն ու առարկութիւնները։
«Սա, միգուցէ, Արդարադատութեան միջազգային դատարանին կողմէ կայացուած վերջին որոշումներուն պատճառով է, որոնց մէջ Ատրպէյճանը պարտութիւն կրած է, եւ հիմա կը փորձէ նոր լոյսի ներքոյ ներկայացնել այս գործը, այսինքն՝ զուտ կը վերահաստատեն այն իրաւարարային վարոյթը, որ մեկնարկած է 2023 թուականին»,- նկատած են Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչի գրասենեակէն։
Պարզաբանելով, թէ որն է սոյն վարոյթի բուն էութիւնը եւ ինչ ընթացակարգեր պիտի յաջորդեն վարոյթի շրջանակներուն մէջ՝ Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչի գրասենեակէն նշած են, որ այն ներկայացուած է Ուժանիւթի ուխտագրի հիման վրայ։
«Ատրպէյճանական կողմէ փորձ կը կատարուի խեղաթիւրել այդ ուխտագրի բովանդակութիւնն ու նպատակը, քանի որ ուխտագրին նպատակն ուժանիւթի ոլորտին մէջ կայուն ներդրումներու եւ առեւտուրի շրջանակին ամրապնդումն է։ Այնուամենայնիւ, ատրպէյճանական կողմը սա կը փորձէ ինչ-որ չափով կապել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետ»,- ընդգծած են գրասենեակէն՝ յաւելելով, որ հայկական կողմը իր դիրքորոշումն ու դիտարկումները պիտի ներկայացնէ իրաւարարային վարոյթի շրջանակներուն մէջ։
Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչի գրասենեակէն նաեւ յաւելած են, որ, այդուհանդերձ, ատեանը դեռ պէտք է ճանչնայ, որ գործը քննելու իրաւազօրութիւն ունի, ինչպէս, օրինակ, Արդարադատութեան միջազգային դատարանը նման քննութիւն իրականացուցած էր։
«Կողմերը ներկայացուցած էին նախնական առարկութիւններ եւ դատարանը պէտք է ճանչնար, որ ան ունի իրաւազօրութիւն՝ քննելու այդ վարոյթը։ Նմանատիպ կերպով այս պարագային նաեւ իրաւարար ատեանը պէտք է ճանչնայ իրաւազօրութիւնը։ Եթէ իրաւարարը ճանչնայ, որ ատեանը այս գործը քննելու իրաւազօրութիւն չունի, այդ պարագային գործը հետագայ զարգացում չ’ունենար»,- նշած են գրասենեակէն։
Աւելի վաղ, ատրպէյճանական լրատուամիջոցները տեղեկութիւն տարածած էին, որ 2024 թուականի Նոյեմբեր 19-ին Ատրպէյճանի կառավարութիւնը Մշտական իրաւարար դատարան ներկայացուցած է Հայաստանի դէմ հայցի հիմնական փաստաթուղթը՝ մեղադրելով հայկական կողմը, իբրեւ թէ, ուժանիւթի