Եւրոպայի Խորհուրդի Ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան շրջանակային պայմանագրութեան խորհրդատուական կոմիտէն Ալիեւի վարչակազմին կոչ ըրած է «քաղաքական, իրաւական, գործնական պայմաններ ստեղծելու, որոնք անհրաժեշտ են Ղարաբաղէն տեղահանուած հայերու անվտանգ ու անարգել վերադարձի համար, ինչպէս նաեւ յատուկ մեխանիզմ՝ սեփականութեան հարցերը լուծելու նպատակով»։
«Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կը կատարուի գոյքագրելու, պաշտպանելու եւ պահպանելու հայկական բոլոր կրօնական ու մշակութային վայրերն ու հնութիւնները, ինչպէս նաեւ հետաքննելու տարածաշրջանին մէջ հայերու կողմէ օգտագործուող պատմամշակութային յուշարձաններու եւ գերեզմանոցներու վանտալիզմի, ոչնչացման ու փոփոխման մասին բոլոր մեղադրանքները»,- ըսուած է փաստաթուղթին մէջ։
Եւրոխորհուրդի խորհրդատուական կոմիտէն ծաւալուն զեկոյցին մէջ բազմաթիւ դէպքեր վկայակոչած է՝ պնդելով, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան ծիրին մէջ առկայ է Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ հրապարակային հռետորաբանութիւն, որ անմիջականօրէն կ’ազդէ հայերու նկատմամբ վերաբերմունքին վրայ։
Պաշտօնական Պաքուն ի պատասխան անհիմն որակած է Եւրոպայի Խորհուրդի զեկոյցին մէջ տեղ գտած պնդումները՝ յայտարարելով, որ Կոմիտէին կողմէ կիրառուող մօտեցումը «լուրջ հարցեր կ’առաջացնէ»։
«Խորհրդատուական կոմիտէի խտրական մօտեցումը, որ կը կեդրոնանայ հայկական խումբին վրայ՝ անտեսելով միւս ցեղախումբերը եւ չափէն դուրս յենելով անյայտ աղբիւրներէ ստացուած տեղեկատուութեան վրայ՝ առանց համապատասխան օրինակներ բերելու, միանգամայն յստակ ցոյց կու տայ նշուած կոմիտէին կողմնակալ մօտեցումը»,- յայտարարած է Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն։
2023 թուականի Սեպտեմբեր 19-20-ին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի իրականացուցած ռազմական յարձակման հետեւանքով Արցախը հայաթափուեցաւ, 105 հազար արցախահայեր ապաստանեցան Հայաստանի մէջ: