Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Միրզոյեան Եւ Արաղչի Փոխադարձ Հետաքրքրութիւն Ներկայացնող Հարցերու Մասին Խօսած Են

Միրզոյեան Եւ Արաղչի Փոխադարձ Հետաքրքրութիւն Ներկայացնող Հարցերու Մասին Խօսած Են

by MassisPost

Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործերու նախարարներ Արարատ Միրզոյեան եւ Ապպաս Արաղչի հեռախօսազրոյց ունեցած են։ Ըստ հայկական կողմին՝ անոնք խօսած են երկկողմ օրակարգի, փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու մասին։

Երկու հարեւան երկիրներու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները քննարկած են նաեւ յառաջիկայ միջոցառումները: Սակայն, հաղորդագրութեան մէջ մանրամասնութիւններ չկան, թէ ինչ միջոցառումներու մասին է խօսքը, արդեօ՞ք քննարկուած է տարածաշրջանին մէջ ապաշրջափակման հարցը։

Իրանեան կողմը զրոյցին մասին դեռ չէ հաղորդած։

Պաշտօնական Թեհրան տեւական ժամանակէ կը պաշտպանէ երեւանի դիրքորոշումը տարածաշրջանի ապաշրջափակման հարցով եւ Ատրպէյճանէն հնչող սպառնալիքներու լոյսին տակ կը պնդէ՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու փոփոխութիւն թոյլ պիտի չտայ։

Նախորդ շաբաթ՝ «Հայաստան-Իրան. համագործակցութիւն եւ հեռանկարներ» խորագրով փորձագիտական աշխատաժողովի ժամանակ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանը ընդգծած էր՝ Թեհրան կ’ողջունէ Հայաստանի «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնը, սակայն կը կարծէ, թէ որեւէ ապաշրջափակում պէտք է իրականացուի տուեալ երկրի տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան ու վերահսկողութեան ներքոյ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment