Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵԱՏՄ-Իրան Առեւտրաշրջանառութեան 14 Տոկոսը Կ’իրականացնէ Հայաստանը․ Տնտեսութեան Նախարար

ԵԱՏՄ-Իրան Առեւտրաշրջանառութեան 14 Տոկոսը Կ’իրականացնէ Հայաստանը․ Տնտեսութեան Նախարար

by MassisPost

Ազգային Ժողովին մէջ, ՀՀ տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան ներկայացուց ԵԱՏՄ-ի եւ Իրանի միջեւ ազատ առեւտուրի մասին նոր համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին օրէնքի նախագիծը։ «Նախարարը նշեց, որ այս համաձայնագիրը հիմնուած է 2019 թուականին ուժի մէջ մտած ժամանակաւոր համաձայնագրի դրոյթներուն վրայ, որով արդէն իսկ հնարաւոր դարձած է մեծցնել առեւտրաշրջանառութեան ծաւալները։

«Իրանը Միջին Արեւելքի ամենամեծ տնտեսութիւնն է, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հարաւային Ասիայի երկրների հարաւային առեւտրային ուղու առանցքային երկիրն է եւ հանդէս է գալիս որպէս առեւտրային կապերի հետագայ զարգացման հեռանկարային ուղղութիւն ինչպէս Հայաստանի, այնպէս էլ ԵԱՏՄ երկրների համար։ Հարկ է նշել, որ 2019 թուականին ուժի մէջ մտած ժամանակաւոր համաձայնագիրը թոյլ է տուել շեշտակիօրէն աւելացնել ԵԱՏՄ պետութիւնների եւ Իրանի առեւտրաշրջանառութիւնը՝ 2,4 միլիառ տոլարից հասցնելով 5,2 միլիառ տոլարի։ Նշեմ, որ Իրանի հետ առեւտրաշրջանառութեան այս 5,2 միլիարռի մօտ 14 տոկոսը Հայաստանն է իրականացնում, ինչը շատ մեծ թիւ է»,- ըսաւ Պապոյեան։

Նախագիծին նպատակն է զարգացնել ԵԱՏՄ անդամ պետութիւններուն եւ Իրանի միջեւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները՝ նպաստելով փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան։ Համաձայնագրի կիրարկմամբ կ’ակնկալուի աւելցնել ԵԱՏՄ արտահանումը դէպի Իրանի շուկայ՝ նպաստելով նաեւ ներդրումային եւ համագործակցական ծրագրերու զարգացման։

ԱԺ Տարածաշրջանային եւ եւրասիական համարկման հարցերու մշտական յանձնաժողովի անդամ Ալեքսէ Սանտիքով յայտնեց յանձնաժողովի դրական դիրքորոշումը՝ նշելով, որ այս համաձայնագիրը կը նպաստէ Հայաստանի եւ ԵԱՏՄ անդամ պետութիւններու մրցունակութեան բարձրացման իրանեան շուկային մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment