Վրաստանի մէջ բողոքի հաւաքներ կատարելէ յետոյ օրերս Հայաստան ժամանած յայտնի բնապահպան, աքթիվիսթ Կրեթա Թունպերկ Երեւանի մէջ մասնակցած է «Ատրպէյճանի յարձակման ազդեցութիւնը մարդու իրաւունքներու եւ շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան վրայ» թեմայով համաժողովին։
Իր ելոյթին մէջ Թունպերկ Ատրպէյճանը մեղադրեց ցեղային զտումներու համար՝ շեշտելով, որ Ատրպէյճանի ռազմական յարձակման հետեւանքով հայերը ծայրայեղ դժուարութիւններու կը բախին։
«Այդ տանջանքները, ճնշումները արդարացում չունին, իսկ աշխարհը լուռ է»,- յայտնեց բնապահպանը։
Թունպերկ Հայաստան ժամանելով յայտնած է, որ կը պոյքոթէ Պաքուի մէջ տեղի ունեցող COP29-ը։
Ան Թիֆլիսի մէջ բողոքի հաւաքի ժամանակ բարձրացուցած է ոչ միայն կլիմայական փոփոխութեան առնչուող հարցեր, այլեւ խօսած է Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումներու, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերու ցեղային զտումներու մասին։
«Բացարձակապես անընդունելի է, որ կլիմայի վերաբերեալ համաժողովը կը հիւրընկալէ Ատրպէյճանը. երկիր, որ շարունակաբար կը ճնշէ քաղաքացիական հասարակութեան, բռնաճնշումներու կ’ենթարկէ իր բնակչութիւնը եւ յատկապէս անոնք, որոնք կը փորձեն պաշտպանել մարդու տարրական իրաւունքները։ Երկիր մը, որ ցեղային զտումներ կ’իրականացնէ հայերու դէմ», – ըսած է աքթիվիսթը։
Վաղը ան COP29-ի թեմայով բողոքի հաւաք պիտի իրականացնէ Երեւանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակին առջեւ։