Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ ԵՄ-ի, Ֆրանսայի եւ Հոլանտայի հասցէին հնչեցուցած մեղադրանքները չափազանց ցաւալի են։
Այս մասին X-ի մէջ գրած է ԵՄ դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորելը։
«Այս անընդունելի յայտարարութիւնները կրնան խաթարել կլիմայի փոփոխութեան համաժողովի կարեւոր նպատակները եւ Ատրպէյճանի COP29-ի նախագահութեան վստահելիութիւնը:
«Մենք կ’աջակցինք Ֆրանսային եւ Հոալնտային։ ԵՄ-ն եւ անոր անդամ երկիրները կլիմայի ընդհանուր ֆինանսաւորման ամենամեծ ներդրողն են՝ աջակցելով գործընկերներուն ամբողջ աշխարհի մէջ կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարին մէջ:
«Մենք նաեւ կը դատապարտենք Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն յարձակումները լրատուամիջոցներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն վրայ, որոնք կը բախին երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու ճգնաժամային իրավիճակին»,- գրած է ան։