ԱՄՆ Արեւմտեան Շրջանի ՍԴՀԿ 22-րդ Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ նախորդ շաբաթավերջին, Կուսակցութեան տարբեր մասնաճիւղերու լիազօր ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ:
Ժողովին ներկայ էր ու իր պատգամը փոխանցեց ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ապենապետ` Ընկ. Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեանը: Ան իր խօսքին մէջ նշեց Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի կարեւոր դերը Կուսակցութեան ընտանիքէն ներս, մաղթելով առաւել բեղուն գործունէութիւն` ի նպաստ Հայ ժողովուրդին ու Հայաստանի Հանրապետութեան, որուն պետականութեան կողքին կանգնած է Հնչակեան Կուսակցութիւնը:
Պատգամաւորական ժողովի ընթացքին քննարկուեցան ու համապատասխան որոշումներ կայացուեցան, որոնք կը վերաբերէին Կուսակցութեան կառոյցներու ամրապնդման, տնտեսական ծրագիրներու իրականացման, սերնդափոխութեան գործընթացին, պատմական արխիւներու հաւաքագրման ու կազմակերպչական այլ հարցերու:
Ժողովականները քննարկեցին Ազգային, քաղաքական ու Հայաստանի ներկայ իրավիճակին վերաբերող հարցերը` ընդունելով համապատասխան բանաձեւեր:
Փակ ու գաղտնի քուէարկութեամբ ընտրուեցաւ ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմինի կազմը, որ պիտի պաշտօնավարէ յաջորդ երկու տարիներուն:
Նորընտիր Վարիչ Մարմինը իր առաջին նիստը գումարելով ընտրեց իր դիւանը` բաղկացած հետեւեալ ընկեր-ընկերուհիներէն.
Միհրան Խաչատուրեան` Ատենապետ
Ռուբէն Մուղալեան` Փոխ Ատենապետ
Լենա Մանուկեան` Ատենադպիր
Կարինէ Տէփոյեան` հաշուապահ
Գրիգոր Մոլոյեան
Ռաֆֆի Քէօրօղլեան
Հէրի Ունէլ
Յարութ Պալեան
Գրիգոր Խոտանեան