Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պատրաստ Եղէք Յայտնաբերելու Մշակութային Գոհարները. Euronews Պատմած Է Հայաստանի Մասին

Պատրաստ Եղէք Յայտնաբերելու Մշակութային Գոհարները. Euronews Պատմած Է Հայաստանի Մասին

by MassisPost

Euronews-ը Հայաստանի մասին յօդուած հրապարակած է, ուր անդրադարձած է Երեւանի ճարտարապետութեան, թանգարաններուն եւ երաժշտութեան, գինիի աւանդոյթներուն, ինչպէս նաեւ տեսարժան վայրերուն:

«Երեւան ժամանելուն պէս ձեզ կը դիմաւորեն ժամանակակից խոհանոցը եւ հարուստ մշակոյթը, քաղաքի պատմական ճարտարապետութեան քարէ վեհութիւնը: Պատրաստ եղէք յայտնաբերելու Հայաստանի մշակութային գոհարները՝ Լեռնային վանքերէն մինչեւ նախապատմական գինեգործական գիւղեր»,- կ’ըսուի յօդուածին մէջ:

Անդրադարձին մէջ առանձին բաժնով ներկայացուած է Երեւանի մշակութային ժառանգութիւնը՝ գրեթէ բոլոր թանգարաններուն մասին կարճ պատումներով: Կը նշուի, որ քաղաքը իրական դրախտ է ճազի սիրահարներուն համար:

Առանձին բաժիններ նուիրուած են Էջմիածնի Մայր տաճարին, Հայաստանի գինեգործական եւ խաղողագործական հմտութիւններուն, Ազատ գետի ափէն բացուող տեսարանին, Գառնիի տաճարին, Գեղարդի վանքին, Սեւանայ լիճի ու Դիլիջան քաղաքի հարստութիւններուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment