Հնդկաստան Հայաստան ուղարկած է Bharat Electronics Limited-ի (BEL) արտադրած «Աքաշ» զենիթահրթիռային համակարգի առաջին մարտկոցը, կը հաղորդէ «The New Indian Express»-ը։
«Աքաշ»-ը Պաշտպանական հետազօտութիւններու եւ մշակումներու կազմակերպութեան կողմէ ստեղծուած «երկիր-օդ» դասի հրթիռ է, որ կրնայ խոցել մինչեւ 25 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող կործանիչներ, թեւաւոր հրթիռներ, անօդաչու սարքեր եւ այլն։
«The New Indian Express» կը նշէ, որ Հայաստանը 2022-ին շուրջ 710 միլիոն տոլար արժողութեամբ 15 «Աքաշ» հրթիռային համակարգերու ձեռքբերման պայմանագիր կնքած է Հնդկաստանի հետ։ Նաեւ կը նշուի, որ Հայաստան առաջին օտար երկիրն է, որ գնած է այս հրթիռային համակարգը։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը ռազմական գնումները չի բացայայտեր։