Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱԺ-ն Չընդունեց Ատրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներու Վերաբերեալ Ընդդիմութեան Յայտարարութեան Նախագիծը․ Իշխող Ուժը Չմասնակցեցաւ Քուէարկութեան

ԱԺ-ն Չընդունեց Ատրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներու Վերաբերեալ Ընդդիմութեան Յայտարարութեան Նախագիծը․ Իշխող Ուժը Չմասնակցեցաւ Քուէարկութեան

by MassisPost

Հայաստանի խորհրդարանը չընդունեց ընդդիմադիր «Պատիւ Ունեմ» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւններու նախաձեռնած հրատապ քննարկման ներկայացուած «Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու վերաբերեալ» ԱԺ յայտարարութեան նախագիծը:

«Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու վերաբերեալ» հասարակական հետաքրքրութիւն ներկայացնող հրատապ թեմայով քննարկման առնչուող «Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու վերաբերեալ» ԱԺ յայտարարութեան նախագիծը քուէարկութեամբ ստացաւ 30 կողմ ձայն, կողմ քուէարկեց միայն ընդդիմութիւնը:  Իշխող ուժը քուէարկութեան չմասնակցեցաւ։

ԱԺ փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի տպաւորութեամբ՝ ընդդիմութիւնը գերիներու հարցով կը քննարկէ հրաւիրել քաղաքական նպատակներով: Ըստ անոր՝ հայ գերիները կը վերադառնան, թէ ոչ, կախուած է ոչ թէ նիստէն ու ներկայացուած յայտարարութենէն, այլ Հայաստանի դիւանագիտական աշխատանքէն:

Քուէարկութեան դրուած յայտարարութեան մէջ կը նշուէր, որ Հայաստանի խորհրդարանը պէտք է միջազգային դերակատարներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացնէ Պաքուի մէջ ապօրինի պահուող հայ գերիներու, ռազմագերիներու շուտափոյթ ազատ արձակման ուղղութեամբ: Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը շեշտուէր, որ Ատրպէյճան պէտք է անյապաղ ազատ արձակէ բոլոր հայ գերիները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment