Ատրպէյճանի մէջ մեկնարկած է Կլիմայի փոփոխութեան մասին ՄԱԿ-ի շրջանակային պայմանագրութեան (COP29) կողմերու համաժողովի 29-րդ նստաշրջանը։
ՄԱԿ-ի տուեալներով՝ աւելի քան 100 պետութեան եւ կառավարութեան ղեկավար հաստատած է իր մասնակցութիւնը համաժողովին։ Սակայն աշխարհի շարք մը առաջնորդներ ու պետական պաշտօնեաներ ալ յայտնած են, որ պիտի չմեկնին Պաքու։
Այսպիսով՝ տարբեր պատճառաբանութիւններով COP29 համաժողովին պիտի չմասնակցին Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա վոն տեր Լայեն, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց, ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն, Մեծ Բրիտանիոյ թագաւոր Չարլզ 3-րդը, Պրազիլի նախագահ Լուիս ինասիու Լուլա տա Սիլվա, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին, Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփին, Գանատայի, Աւստրալիոյ, Հոլանտայի, Հնդկաստանի եւ Հարաւափրիկեան Հանրապետութեան վարչապետներ Ճասթին Թրիւտօ, Էնթընի Ալպանեզ, Տիք Սխոֆ, Նարենտրա Մոտի, Սիրիլ Ռամաֆոսա:
Հայաստանի Հանրապետութենէն եւս պատուիրակութիւն չէ մեկնած՝ թէեւ Պաքուն պաշտօնական հրաւէր ուղարկած էր Երեւանին:
Այս տարի COP29-ի գագաթաժողովին պիտի մասնակցի 40 հազար մարդ, մինչդեռ անցեալ տարի Տուպայի գագաթաժողովին մասնակցած էր ընդհանուր առմամբ 83 հազար 884: