Հայաստանի մշակութային ժառանգութեան միջազգային հանրահռչակման եւ երկրի ճանաչելիութեան բարձրացման նպատակով, Նոյեմբեր 16-էն Դեկտեմբեր 23 Հայաստան առանձին տաղաւարով պիտի մասնակցի Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ կայանալիք Շփիթըլպըրկի Սուրբ Ծնունդի տօնավաճառին:
Ծրագիրը կ’իրականացուի Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ՝ «Մշակոյթի զարգացման» հիմնադրամի եւ Յովհաննէս Շարամբէյեանի անուան ժողովրդական արուեստներու թանգարանին հետ համագործակցութեամբ:
ՀՀ ԿԳՄՄ նախարարութենէն կը յայտնեն, որ հայկական տաղաւարին մէջ պիտի ցուցադրուին շուրջ 40 վարպետի ձեռագործ աշխատանքներ, այդ շարքին՝ կարպետագործութեան, խեցեգործութեան, տիկնիկագործութեան տարբեր նմուշներ եւ յուշանուէրներ:
Շփիթըլպըրկի Սուրբ Ծնունդի տօնավաճառը կայուն աւանդոյթ ունեցող միջոցառում է, որ 1970-ական թուականներէն սկսեալ կ’իրականացուի Վիեննայի պատմական թաղամասերէն մէկուն մէջ:
2023թ. Հայաստանի առաջին մասնակցութիւնը