Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Իմ Տունը Իմ Ամրոցն Է» Խօսոյթը Պէտք Է Դառնայ «Մեր Պետութիւնն Է Մեր Ամրոցը»․ Փաշինեան

«Իմ Տունը Իմ Ամրոցն Է» Խօսոյթը Պէտք Է Դառնայ «Մեր Պետութիւնն Է Մեր Ամրոցը»․ Փաշինեան

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ քաղաքացի-պետութիւն-համայնք յարաբերութիւններու խնդիրներուն։

Հայաստանի մէջ տեղական ինքնակառավարման համակարգի ներդրման 28-ամեակին նուիրուած միջոցառման ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ քաղաքացիին եւ պետութեան, ինչպէս նաեւ համայնքին միջեւ առկայ է ճեղք։

«Մեզանում շատ քննարկուած հարց է, որ յատկապէս բազմաբնակարան շէնքերի պարագայում շէնքից ներս մարդու վերաբերմունքը միջավայրին ուրիշ է, շէնքից դուրս՝ բոլորովին ուրիշ։ Եւ այստեղ է այս ճեղքը, որ առաջանում է, որովհետեւ, սկսած շքամուտքից, բակից, քաղաքացին չունի այն վերաբերմունքը, ինչ վերաբերմունք ունի տան դռնից ներս։ Այստեղ մեր ընկերա-հոգեբանութիւնը ձեւակերպուած է «Իմ տունը իմ ամրոցն է» խօսոյթի ներքոյ»,- ըսաւ Փաշինեան։

Ան նշեց, որ այսպիսի մտածելակերպը պէտք է փոխուի, որպէսզի ձեւաւորուի նոր ընկերա-հոգեբանութիւն, ուր «մեր պետութիւնն է մեր ամրոցը», եւ իւրաքանչիւր քաղաքացի պէտք է գիտակցի իր պատասխանատուութիւնը ոչ միայն սեփական տան սահմաններուն, այլ նաեւ պետական ու համայնքային մակարդակներու վրայ։

«Մենք պէտք է մեր ընկերա-հոգեբանութիւնը որոշակիօրէն փոխենք՝ արձանագրելով, որ «մեր պետութիւնն է մեր ամրոցը»։ Իսկ մեր տունը մեր բնակավայրն է, որի շեմից ներս, ի հարկէ, ունենք անձեռնմխելի իրաւունքներ, բայց շեմից դուրս շատ որոշակի պատասխանատուութիւն ունենք», – ըսաւ վարչապետը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment