Ահաբեկում, մեկուսացում, բռնութիւն. կարճ այս երեք բառով կը բացատրուի՝ ինչու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ այլեւս հայեր չկան։ Freedom House-ն եւ վեց կազմակերպութիւն յստակ օրինակներով ու մանրամասն վերլուծութեամբ 100 էջնոց զեկոյց կազմած են, որ ներկայացուցին այսօր Երեւանի մէջ՝ Պաքուի մէջ ընթացող COP-29-ին զուգահեռ։
Միջազգային փաստահաւաք առաքելութեան մասնակիցները կ’ընդգծեն՝ ատրպէյճանական վարչակարգը ցեղային զտման ենթարկած է Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութիւնը, իշխանութիւնները միտումնաւոր արշաւ իրականացուցած են Լեռնային Ղարաբաղը հայերէն դատարկելու համար:
«Սա, ըստ երեւոյթին, առաջին միջազգային փորձն է՝ կատարելու փաստահաւաք աշխատանք, հաւաքելու վկայութիւններ, կատարելու իրաւական վերլուծութիւն ու ցոյց տալու այն, ինչ տեղի է ունեցել զոհերի աչքերով: Freedom House-ը, մեր միջազգային ու տեղական գործընկերները փաստագրել են նախորդ չորս տարիների ընթացքում ատրպէյճանական պետութեան կողմից իրականացուած, թիրախաւորուած ու համակարգուած քաղաքականութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հայերի նկատմամբ»,- ներկայացուց Հայաստանի մէջ Freedom House իրաւապաշտպան կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Անդրանիկ Շիրինեանը:
Հայաստանի մէջ Freedom House-ի ներկայացուցիչը պատմեց՝ փաստահաւաք զեկոյցը մէկ տարուան մէջ պատրաստուած է՝ պատերազմ, շրջափակում, տեղահանութիւն….. յաջորդական ներկայացուած է, թէ ինչպէս Պաքուն իրականացուց իր ծրագիրը։
Մասնակիցներէն Ժողովրդավարութեան զարգացման հիմնադրամի ներկայացուցիչ Ալէն Շատունցի խօսքով՝ տեղահանուած արցախցիներուն հետ 300-է աւելի մանրակրկիտ հարցազրոյցները աւելի քան բաւարար էին ցոյց տալու աղէտին մասշտաբը։ Հելսինքեան քաղաքացիական վեհաժողովի Վանաձորի գրասենեակի ներկայացուցիչ Վարդինէ Գրիգորեանն ալ շեշտեց՝ զրուցակիցներուն մեծ մասը չէր հաւատար, որ պատմութիւնը այս բեմագրով պիտի երթայ՝ հաշուի առնելով ռուս խաղաղապահներուն գործօնը։