Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան Մաքրոնի Հետ Հանդիպման Ժամանակ Շեշտած Է Հայաստանի Հաւատարմութիւնը Խաղաղութեան Օրակարգին

Նիկոլ Փաշինեան Մաքրոնի Հետ Հանդիպման Ժամանակ Շեշտած Է Հայաստանի Հաւատարմութիւնը Խաղաղութեան Օրակարգին

by MassisPost

Պուտափեշթի մէջ տեղի ունեցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հանդիպումը:

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Ֆրանսայի համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Էմանուէլ Մաքրոն կարեւորած են բարձր մակարդակի հանդիպումներու պարբերական բնոյթը, որոնք հնարաւորութիւն կու տան քննարկելու ինչպէս երկկողմ օրակարգին վերաբերող, այնպէս ալ երկուստէք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր:

Կողմերը անդրադարձած են տնտեսութեան, ենթակառուցուածքներու եւ այլ ոլորտներու մէջ համատեղ ծրագրերուն վերաբերող հարցերու: Քննարկուած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն փոխգործակցութեան առնչուող հարցեր, այդ շարքին՝ Հայաստանի մէջ ԵՄ աջակցութեամբ իրականացուող բարեփոխումներու, վիզաներու ազատականացման ուղղութեամբ երկխօսութեան ընթացքին:

Միտքեր փոխանակուած նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ընթացքին վերաբերեալ:

Վարչապետ Փաշինեան շեշտած է Հայաստանի հաւատարմութիւնը խաղաղութեան օրակարգին եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան ապահովման քայլերուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment